Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/108

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Աիրելի Թորոս Թորանեանին, որպէս բար յիշողութիւն,
23—10—1968:

Եւ ի՞նչ կայ աշխարհի վրայ աւելի գեղեցիկ քան
բարի յիշողութիւնը:

1965–ին, Հայպետհրատը, լոյս ընծայեց բանաստեղծութիւններու
տետրակ մը ինձմէ, «Կանաչ Տառեր» խորագիրով:
Խմբագիրը՝ Վահագն Դաւթեանն էր:

Անութիս տակ քանի մը օրինակ նոր լոյս տեսած
գիրքէս, մտայ Սիլվա Կապուտիկեանի տունէն ներս։ Վերցուց
իրեն համար մակագրուած գիրքը, շնորհաւորեց զիս
ու անմիջապէս աւելցուց.

— Չաճապարես, պէտք է կոնեակ խմենք այս առիթով:
Հայրենական առաջին գիրքդ է, բարի ճանապարհ
մաղթենք նրան Արարատեան արեւով, որ զիրքդ գնայ դէպի
մեր ժողովուրդը...

Մինչ մենք կը խմէինբ, Նայիրի Զարեան մտաւ
ներս: Յետոյ եկան ուրիշներ: Կատրեալ սեղան մըն Է որ
բացուեցաւ հոն...

Ու Սիլվան յայտարարեց.

— Նոր Է լոյս տեսել մեր Թորոսի բանասաեղծութիւնների
առաջին գիրքը հայրենիքում: Այս սեղանը ի
պատիւ այդ գրքին է: - Ու ծռելով ականջիս փսփսաց,-
մակագրիր ներկաների համար, առաջինը Նայիրի Զարեանի:

Նայիրի Զարեանը վերցուր գրքոյկս, դարձուց էջերը,
քանի մը տող կարդաց, ըրաւ քաջալերական խօսքեր
եւ խօսեցաւ այն մասին թէ որքան դժուար է ժողովուրդին
ծառայելը լատկապէս գրականութեան ճամբով։

— Միայն տաղանդ ունենալը շատ քիչ է,— ըսաւ
բանաստեղծը,— այս ճամբից անթեք քայլելու համար:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Սիլվան: Ծանրացաւ Նայիրի
Զարեանի մասին.

— Մեր սերունդը պարտական է ընկեր Զարեանին:
Նա քաջալերել է մեզ, քաջալերել է յոյսի կայծ ներշնչողներին,
որպէսզի մեր գրականութեան հերթափոխու—