Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/11

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Որո՞նք իրագործեցին Յարութեանդ այդ հրաչքը
լուսաճաճանչ, հրկի՜ր Հայաստան...

Յարութեանդ սխրալի այդ հրաշքին մէջ կան քըրտինքն
ու արիւնը մեր ջան ֆետայիներուն, որոնք եարի
փոխան զէնբ գրկելով, բարձրացան լեռեերը հայոց, բարձր
պահելու համար պատիւը հայուն եւ կամքը անոր գոյատեւումէն:
Անանուն եւ անուանի մեր այդ ֆետայէներն են
որ կը մարմնաւորեն անվեհեր Գէորգ Չաւուշն ու Անդրանիկը
արծուեթռիչ, անուններ բազում եւ անհամար, Նարեկացիի
նման խիզախ եւ խռովիչ, Ռոսլինի գոյներուն
պէս պայծառ եւ շողշողուն...

Եթէ սկսէմ թուել, պիտի թուլնան մկաններս անհամար
անուններու հեղեղին դիմաց:

Բայց ինչպԷ՞ս չյիշել մէկ բան էն այն ինքնամոռաց
զաւակներէդ, որոնք այսօրուան բարձունքէդ կածանները
մաքրեցին եւ հայոց խոսլանացած հողին վրայ նոր արօր
ու նոր խոփ դրին վասն այսօրուան ու վազուան հասկերուն
ատոր եւ ցորեանին ոսկի:

Շահումեան կոչուեցան անոնք ու աւելին՝ Միասնէկեան:

Մռաւեան կոչուեցան անոնք ու աւելին՝ Աղասի
Խանճեան:

Սպանդարեան կոչուեցան անոնք ու աւելին՝ Հայկ
Բմշկեանց:

Ու հայ գրողը, երբ կը կարծԷին թէ միայն գրիչ
շարժել գիտէ, ազգամէջեան կռիւներու խաղաղեցման ի
խնդիր, բարձրացուց սպիտակ դրօշ ու կոչուեցաւ Յովհաննէս
Թումանեան։

Հագաւ զինուորի համազգեստ ու զէնք բարձրացուց
գրիչի կողքին ու կոչուեցաւ Եղիշէ Չարենց։

Ու Սարտարապատի լինել—չլինելու գուպարի բոցե–