Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/110

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

անգամ կարդալէ ետք այս վէպը, կրնայ մոռնալ Լեւոնին
սէրը՝...

— Քեզ շա՜տ կը սիրեմ, - ըսաւ, աղջիկը Լեւոնին:
Ու տղան մտածեր թէ այդ «շա՜տ»ը երբե՛ք այդքան քիչ
չէր նշանակած, քանի սէրը սահման չունի: Իսկ աղջիկը
սահմանեց իր սէրը, ըսաւ «շա՜տ»: Ուրեմն, աղջիկը չի
սիրեր Լեւոնը այն սիրովդ որ Լեւոնին սպասածն էր...

Կամ, ո՛վ կրնայ մոռնալ դարձեալ «Հացաւան»ի
տատանող Առաքելը, որ տանիք ելած կը շարժէր ֆիզիքապէս
ու դիտելով կոլխոզէ նախիրին միացած կովերը,
հոգեպէս ալ կը տատանէր ու կը մտածէր, ղրկէր արդեօք
իր կովն ալ, նորակազմ կոլխոզ: Կամ, իր կովը կոլխոզին
յանձնելէ ետք, ո՛վ չի յիշեր ա՛յն տեսարանը, երբ տատանող
Առաքելը, գիշերով, «իր» կովին կը տանի թարմ խոտի
լաւագոյն տեսակը, երբ «իր» կովը ա՛լ կը պատկանէր կոլխոզին,
դարձեր էր համայնական...

Կը կարդաս վէպը, տարիներու ֆոնին վրայ ու կը
տարուիս մտանելու թէ մեր երկիրը որպիսի՜ դժուարութիւններէ
անցաւ, հոգեկան ինչպիսի՜ վիթխարի փոթորիկներ
տեսաւ հազարամեայ Հայաստանը, մինչեւ որ մեր
օրերուն դարձաւ վաթսուն տարեկան...

Երբ Հայաստան խորհրդայնացաւ, Վանի իր բնօրրանէն
խլուած Նայիրի Զարեանը քսան տարեկան էր: Քսան
տարեկան մարդու կիրքով ու կորովով է որ ան նետուեցալ
կեանքի ասպարէզ:

Երիտասարդ բանաստեղծը կը նմանէր սարերէն
ջրվիժող հոսանքի: Եւ ով չի գիտեր թէ նման ջրվէժ մը
կունենայ ելեկտրական ոյժ, կը բերէ իր հետ լոյս ու ջերմութիւն,
բայց իր ճամբուն վրայ, երբեմն, կը փշրէ նաեւ
ծառ ու տունկ: Այդպէս պատահեցաւ նաեւ Նայիրի Զարեանին
հետ:

Ու մենք, Կրբ կը խօսինք պատմութիւն դարձած
մարդու մասին, պէտք է կշռենք ամբողջութիւնը իր տուածին,
եւ ո՛չ թէ լաւագոյնը միայն, կամ վատագոյնը:

Չենք կրնար ըսել, թէ նայիրի Զարեանի «Աղբիւրի
Մօտ» թատերգութիւնը անարժէք գործ է։ Կամ «Արա Գեզեցիկ»ը
սերունդներ չդաստիարակեց: