Ոչ միայն Նայիրի Զարեանի, այլեւ մե՛ր ալ սիրտէն
բխած է իր «Հայոց Լեզուն».
Արի՛, եղբայր, փառաբանենք
Մեր քաղցբարառ հայոց լեզուն.
Մհր սրտի ջուր, մեր հոգու լար,
Մեր ձեռքի թուր հայոց լեզուն։
Հոսել է նա մեր սարերից,
Մեր դարերից ու մեր սրտից,
Արաքսի պէս միշտ կենդանի,
Միշտ անսպառ հայոց լեզուն։
Մենք կընդունինք, պէտք է ընդունինք Նայիրի
Զարեանը այնպէս ինչպէս որ է — իր լոյսով եւ իր ստուերով:
Եւ ինչ կայ աւելի ուսանելի քան հետեւեալ եղելութիւնը.–
Երեւան քաղաքով մէկ լուր տարածուեցաւ որ
Նայիրի Զարեանը հիւանդ է: Այդ օրերուն հիւանդ էր նաեւ
Գուրգէն Մահարին: Իրենց հիւանդութեան շրջանին, երկու
վանեցի բանաստեղծները կրցան վեր բարձրանալ տարիներու
քէն ու ոխէն եւ թղթակցութեան մէջ մտան իրարու
հետ հիւանդանոցի մահճակալներէն...
Ուսանելի է նաեւ պատմութեան այս դասը։ Շատեր
գերեզման կիջնեն առանց ներել գիտնալու կամ ներելու։
Հայրենի երկու բանաստեղծները հաստատեցին հակառակը։
Ես չիմացայ Նայիրի Զարեանի մահուան լուրը:
Սայեաթ Նովա պողոտային վրայ, բարեկամի մը
տուած էի այցելութիւն: Յանկարծ պատուհանէն նկատեցի,
թէ դագաղ մը կը տարուի վերամբարձ: Բոլորս վազեցինք
դէպի լուսամուտ։ Դագաղէն կը հետեւէին տասնեակ մը
գրողներ, կուսակցական ղեկավարներ:
— Կերեւի գրող մըն է մեռնողը, - ըսաւ տանտէրը,-
քանի որ ծանօթ բանաստեղծներ կը հետեւին ինքնաշարժին:
Բարեկամս իր կրտսեր որդիէն խնդրեց դուրս գալ եւ
իմանալ ննջեցեալին ո՛վ ըլլալը: