Jump to content

Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/113

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻ


Երբե՛ք չեմ կրնար մոռնալ մեր վէճը՝ Մոսկուայի
«Մոսկուա», պանդոկի 748–րդ սենեակին մէջ:

Երեւանէն թռիչք առած էի դէպի Մոսկուա, իր ո՛ւր
ըլլալը ստուգելու համար։ Ըսած էին ինծի, թէ խորհրդային
մայրաքաղաքին մէչ Գուրգէն Մահարին կարելի է
գտնել իր որբանոցային մէկ ընկերոջը միջոցաւ, որ անպայման
տեղեակ կըլլար իր ո՛ւր գտնուելէն։

Գտայ ընկերոջ տունը:

Անոր միջոցաւ իմացայ թէ Մահարին կը գտնուէր
Պալթիկի ափին, Փալանկա կոչուող քաղաքին մէջ, որ