Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/114

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծննդավայրն էր իր կնոջ Անտոնինայի, եւ թէ անուանի
գրողը Մոսկուայի Ուքրանական կայարանը պիտի հասնէր
նոյն օրը շոգեկառքով:

Ես ուղղուեցայ կայարան:

Որոշեալ ժամուն, ճշդապահ սիրահարի նման եկաւ
կառաչարը: Եկաւ նաեւ Մահարիներու եռանդամ ընտանիքը:

Կայարանին մէջ ողջագուրուելէ ետք, յայտնեցի թէ
մինչեւ Մոսկուա զինք տեսնելու համար եկեր եմ. եւ արդէն
ծայր տուաւ վէճը՝ մեր միջեւ...

Մահարին կը հեւար: Կրծքավանդակը հնամենի
փքոցի աղմուկով կելեւէջէր:

— Ես բժիշկ եմ, Գուրգէն Խան, - ըսի, — ու ինքզինքիս
թոյլ չեմ տար, որ հիւանդ մարդու հետ վիճիմ:
Ես եկած եմ քեզ տեսնելու, Փարիզ մեկնելու ճանապարհիս
վրայ, եւ կուզիմ պարզապէս յօդուած մը գրել «Այրուող
Այգեստաններուդ մասին, որ կերեւի այրած է շատ մը
սիրտեր, անշուշտ, ամենէն առաջ ձեր սիրտը: Նաեւ յառաջաբան
մը...

Ըսածս մտիկ չէր ըներ, ու հեւալով.

— Ես քո նետած ձեռնոցը բռնել եմ երկու ձեռքով,
թէկուզ մեռնեմ էս րոպէիս:

Վիճիլը Գուրգէն Մահարիին տարերքն էր: Զինք
երբեք այդ վիճակով չէի տեսած: Կինը Անտոնինան, իրար
անցած, անդադար կը կրկնէր թէ վիճիլը շնչահեղձութիւն
կառաջացնէ, եւ արդէն թթուածինի քաղց ունեցող Մահարին
մէկ վայրկեանէն միւսը կրնայ մեռնիլ:

Ես իսկապէս վախցայ գրողին այդ վիճակէն: Բայց
ինք, թէ՝

— Թորոս, հիմի որ հիւրանոցում սենեակ ունեցանք,
արդէն տեղաւորուեցինք. արի, ոչ թէ վիճենք, այլ
զրուցենք, վախենում եմ ոչ թէ իմ մահանալուց, այլ Անտոնինայի
ջղագարութեան աստիճանի ներվայնանալուց:

— Ես մահին վաղուց ձեռնոց եմ նետել: Մի անգամ,
էդ ո՞նց էր կոչւում, Եգիպտոսից հայրենադարձ մի արւեստագէտ
լուսանկարիչ ունենք, հա, յիշեցի, Անդրանիկ
Քոչարը, կարծես Քոչարները մեր մօտ քիչ էին, սա էլ