չարաչահուած օղին կամ գինին, կամ սիկարէթը կամ
ինքը գեղեցիկ սեռը...
— Քո մէջ սկսեց խօսիլ բժիչկը։ Թէ բժիշկ ես, մի
ճար արա, հազից մեռնում եմ...
Ու սկսաւ այնպէս հազալ, այնպէս երկա՜ր ու խորունկ
հազալ որ պահ մը վախցայ, թէ ո՛ւր որ է ձեռքէ կերթայ։
Տասը վայրկեան հանգստանալէ ետք, խօսքին կծիկը
արձակողը ինք եղաւ դարձեալ.
— Խօսում էիր «բայց»ի մասին, յետո՞յ...
— Յետոյ այն, Գուրգէն Խան, որ դուք ալ սիրահարուելով
ձեր հումորին, չարաշահած էք ձեր իսկ տաղանդը։
«Այրուող Այգեստաննե՜ր»։ Ոչ ոք իրաւունք անի
կասկածելու ձեր մէջ կուտակուած անսահման սիրոյ ու
կարօտին մասին, հանդէպ քաղաքի մը, որ Վանն էր։ Հանդէպ
միջավայրի մը, ուր արմատ նետած էր մեր դարաւոր
ժողովուրդը իր հաւատալիքներով, իր սովորոյթներով։
Բայց ահա դուք սուր բարձրացուցած էք Վարդանի
վրայ եւ սկսած էք ձեր այդ արարքով Վասակը պաշտպանել:
— Ա՜յ տղայ, խելքդ տուն կանչիր, ի՛նչ Վարդանի
ու Վասակի հարց կայ իմ վէպում:
— Գուրգէն Խան, կա՛յ։ Մեր ժողովուրդը, ժողովուրդ
մըն է իր լաւով ու վատով։ Ոչ ոք կրնայ սրբացնել
ամբողջ ժողովուրդ մը։ Անհատներ կրնան լաւ կամ վատ
ըլլալ։ Բայց անհասներու մէջ կան սրբացած մարդիկ,
որոնց վրայ երբ սուր կը բարձրանայ, Կրեսոսի որդիին
պէս փակ բերաններ կը բացուին ու աղաղակը կը բարձրանայ
— Որո՛ւն վրայ սուր կը բարձրացնէք։
Վանի Արամին մասին է խօսքը։ Դուք, բերանացի,
շատ — շատերու այնքան լաւ բաներ պատմած էք Արամի մասին։
Ի՞նչ դարձած է Արամը ձեր վէպին մէջ։ Պարզապէս
կնամոլ մը։ Այդպէ՞ս էր։ Եթէ ելլէք այսօր Անդրանիկի
մասին հիւսէք պատմութիւն մը, եթէ նոյնիսկ այդ պատմութիւնը
իրական ըլլայ, դուք ձեր աչքերովը տեսած ըլլաք,
ըսէ՛ք, Գուրգէն Խան, ո՛վ կը հաւատայ ձեզի: Հարցը,
որապէս վիպագիրի, դուք ինձմէ հարիւր անգամ աւելի լաւ