Jump to content

Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/118

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գիտէք, սերտած էք, հարցը ճշմարիտի մասին չէ այնքան,
որքան ճշմարտանմանի: Կարծեմ կընդունիք գրականութեան
տեսութենէն եկող այս միտքը։

Ու ահա՛ հումորի շարաշահումը ձեզ քշած—տարտծ է
անպաշտպան տաշեղի պէս հոսանքն ի վար: Սրբութիւններ
կան, որոնք պիտի մնան պատուանդանի վրայ: Որովհետեւ
ժողովուրդն է որ բարձրացուցած է զիրենք պատուանդանին:

Զիս չի հետաքրքրեր թէ Վարդանը 1500 տարիներ
առաջ քանի՛ կին սիրած է: Զիս էի հետաքրքրեր թէ Զօրավար
Անդրանիկը, իբրեւ արծիւ սաւառնող մեր ֆեդային,
քանի՛ աղջիկ համբուրած է: Նոյնպէս, զիս, այսինքն ընթերցողը
չի հետաքրքրեր թէ Արամը, Վանի մէջ, ո՛ր կնոջ
հետեւած է:

Եւ ընդհանրապէս, որեւէ ժողովուրդ, իր ազգային
հերոսին մէջ կը տեսնէ միայն անոր հերոսական կերպարը
եւ ուրիշ ոչինչ:

Դուք ներկայացուցած էք սեռային խենէշ երեւոյթներ.
եղբայր մը որ կը դաւաճանէ իր հարազատ եղբօր:
Միթէ՞ այս դէպքը տիպական է մեր ժողովուրդին համար:
Նման դէպք մը կրնայ պատահած ըլլալ: Անձ մը կրնայ այդ
կացութեան մտանած ըլլալ ինքզինք: Բայց, ո՞ր վանեցին
կամ հայը պիտի ընդունի տիպականութիւնը այս առանձին
երեւոյթին:

Անդին կը ներկայացնէք թուրք մը, որ կարծես սուրբ
ըլլայ, թուրք աղջիկ մը, որ տաբատ հագած ման կու գայ
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, հոն ուր հայ մարդը կը
դաւաճանէ իր եղբօրը։ Ի վերջոյ ի՛նչ է ձեր միտք—բանին։

Ձեր վէպը, Գուրգէն Խան, յիսնեակ մը էջերու սեղմումով,
զեղչումով, Արամի վերականգնումով կը դառնայ
մեր գրականութեան լաւագոյն ասքերէն մէկը։ Ահա՛ իմ
համեստ այլ ճակատային կարծիքը ձեր իսկ ներկայութեան:

Ու յետոյ, հայրօրէն ներեցէք, Գուրգէն Խան, որ
բան մըն ալ ըսեմ ու վերջացնեմ: Այս վայրկեանին իսկ
աչքերս կը լեցուին տխրութեան արցունքներով երբ կը
մտածեմ: