Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/120

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ասելիքներ շատ ունեմ, բայց այս անտէր վիճակս
չի թողնում:

Վերջացնում եմ իմ խօսքը կրկելով որ «Լեռնականների
Վերջալոյսով» Սիմոնեանը իր տեղն է գտնում մեր
գրականութեան մէջ։

Մահարին ըսաւ աւելին Սիմոնեանի գիրքին մասին
1968 թուականի Օգոստոսի 21–ին Մոսկուա պանդոկի իր
սենեակին մէջ եւ ստորագրեց գրածս: Յօդուածս լոյս տեսաւ
«Սփիւռք» շաբաթաթերթի 16 Փետր. 1969–ի թիւին
մէջ։

Չուգեցի աւելի յոգնեցնել Գուրգէն Մահարին: Սոսկալի
հազը, կարճ ընդմիջումներով կը շարունակուէր,
ալեկոծելով մեծ գրողին կուրծքը։

Գուրգէն Մահարիի ծննդեան վաթսունամեակն էր:

Նման տարեդարձի առիթով, ինչպէս այսօր, մեր
երկրին՝ Խորհրդային Հայաստանի վաթսունամեակին
առիթով, մեզի կը մնայ հրճուիլ, տօնել եւ նշել այդ տարեթիւը
կարելի՛ խանդավառութեամբ, վերանորոգել մեր
ուխտը: Տեւելո՛ւ ուխտը:

Այդ օրերուն, մենք ալ, թումբ մը սփիւռքահայ
ուսանողներ, հաւաքուեցանք եւ որոշեցինք երթալ շնորհաւորել
մեր գրողը իր իսկ տունին մէջ:

Ժամադրութիւնը ես պիտի ապահովէի: Ուսանողներս
մտածեցինք, որ յուշանուէր մըն ալ տանինք բանաստեղծին,
ու յարմար նկատեցինք դնել մեր երիտասարդ
նկարիչներէն մէկուն գործը, ուր գրեցինք.

— «Այրուող Այգեստաններ»ու հեղինակին՝ Գուրգէն
Խանին, նուէր իր ծննդեան վաթսունամեակին առիթով,
թումբ մը սփիւռքահայ ուսանողներու կողմէ»:

Նուէրը պատրաստ էր: Տղաքը նոյնպէս: Կը մնար
ապահովել ժամադրութիւնը: Հեռախօսեցի ժամադրութեան
մը ակնկալութեամբ: Պատասխանողը ինքն էր:

— Աշխատում եմ վէպիս վրայ, աւելի ուշ զանգէք:

Շաբաթները յաջորդեցին իրարու: Հեռախօսեցի
տասնեակ անգամներ: Պատասխանը մերժողական էր միշտ:
Չկրցայ հասկնալ պատճառը: Այս կեցուածքր նեղութիւն