Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/128

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Կրակէ Քառուղիներով»ը, սկսանք զայն խլել ձեռքէ–ձեռք
եւ անգիր սորվիլ եւ արտասանել.

— Հեռագրասիւներ, հեռագրասիւներ,
0՜, գետին ինկած հեռագրասիւներ...

Գետին ինկած հեռագրասիւները մեզի տխրութիւն
կը պատճառէին։ Քանի՜, քանի՜ ուրախալի լուրեր, որոնք
տեղ պիտի հասնէին ու չհասան գետին տապալած հեռագրասիւներու
պատճառաւ։ Ու տակաւինդ պատերազմի
դաշտին վրայ հեռագրասիւներու նման տապալած երիտասարդները,
որոնք պիտի ապագային կտակէին ով գիտէ
քանի՛ հրաշալի գիւտ ու քանի՛ պայծառ գիրք:

Սողոմոն Տարօնցին շատ գիրքեր գրեց, շատ ալ
թարգմանեց: ՅատկապԷս բանասաեղծութիւններ ծայրագոյն
արեւելքի ժողովուրդներու գրականութենէն:

Հօրը ճամբով՝ սիրեց բանահիւսութիւնը եւ մշակեց
Սասունցի Դաւիթէն պատումներ:

Պաշտեց Արեւմտահայ գրականութիւնը, եւ նախ
Վահրամ Ալազանին, ապա Վաղարշակ Նորենցին հետ
լոյսին բերաւ, լոյս է բանաստեղծութիւնները Մեծարենցին,
Դուրեանին եւ Վարուժանին: Ինք եղաւ, առաջինը որ իր
սեպհական քնարին վրայ երգեց մեր մեծ քնարակիրները:

Հայրենադարձի տարիներուն եղաւ Սաղաթէլ Յարութիւնեանին
հետ անոնցմէ, որոնք գնահատեցին տուն
դարձող գրողները, մօտիկ բարեկամութիւն մշակեցին
անոնց հետ, զօրավիգ կանգնեցան անոնց նիւթապէս ու
բարոյապէս, ճանապարհ ցոյց տուին, զանոնք առաջնորդեցին
խմբագրատունէ—խմբագրատուն, ծանօթացուցին,
աւելին, հրատարակել տուին անոնց գործերը:

Ասիկա փոքր օժանդակութիւն մը չէր: Ասիկա պատճառ
եղաւ որ հայրենադարձ շատ մը գրոցներ շուտով մերուին
հայրենի իրականութեան:

Սողոմոն Տարօնցին եղաւ մեր այն բանաստեղծներէն,
որոնք պատերազմի ահեղ օրերուն զօրակոչի ենթար-