Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/13

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԹԵՐԶԵԱՆ



Իրեն հետ, հայրենի հողին վրայ խօսելու առիթը
չունեցայ: Հոն, Երեւանի մէջ, կար անոր գերեզմանը. կար
նաեւ իր անունը բազում շուրթերու վրայ։

Թերզեանը բանաստեղծ՛ ծնած էր։ Անոր տաղանդը
ի յայտ եկաւ երբ տակաւին կաշակերտէր Հալէպի Զաւարեան
վարժարանին։

Այդպէս ճանչցայ զինք Հալէպի քոլէժէն ներս, երբ
ամէն դադարի կը հաւաքէր մեզ իր չուրջ ու գրպանէն
ճմռթկուած թուղթ մը հանելով կը կարդար նոր բանաստեղծութիւն
մը։