Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/134

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պատրաստ եմ իմ մնացեալ ուժերը նուիրաբերել իմ ու ձեր
պաշտած հայրենիքին, անմնացորդ նուիրումով:

Նորենց գրեց իր յուշերը, որոնք տողուեցան 1968
թուականին: Ընթերցողները սիրով ընդունեցան այդ
պարզ, սրտաբուխ էջերը, որոնք կը ցոլացնէին պայծառ
հոգին բանաստեղծին:

Շուրջ տասնհինգ տարի առաջ առիթով մը, յօդւած
մը ստորագրեցի Փարիզի «Աշխարհ» շաբաթաթերթին
մէջ, Նորենցի մասին: Այդ թիւը հասած էր Երեւան:
Ու Նորենցին ձեռքն Էր անցեր:

Հանդիպեցայ իրեն գրողներու Տունին մէջ: Շնորհակալութիւն
յայտնեց: Անակնկալի եկայ:

— Ի՞նչ բանի համար շնորհակալութիւն, ընկեր
Նորենց:

— Յօդուածի համար որ գրել ես:

— Ատոր համար դուք շնորհակալութիւն պէտք է
յայտնէք:

— Չափազանցել էք: Զեղումներ էք ունեցել: Ինչ
ենք արել մենք, որ դրանոփ արժանի լինենք մեր ժողովրդի
ուշադրութեան: Մեծ է կարիքը։ Անելիք գործերը մեր
առաջ կանգնել են Արարատի հասակով: Ու մեր արածը
ոչինչ է, ոչի՜նչ...:

— Մարդ մը, սիրելի՛ Նորենց, կու տայ իր ունեցածը:
Իր կեանքը: Ո՞վ կրնայ տալ իր կեանքէն աւելին:

Դուք ու ձեր սերունդը տուիք ձեր ունեցածը, ձեր
կեանքը: Ճամբայ բացէք նոր սերունդներու առջեւ: Եղաք
մեր երկրի կառոյցին ապառաժէ հիմը, ազգային ու գաղափարական
հէմը, որուն վրայ կը բարձրանայ Հայրենիքի
այսօրուան շէնքը: Ձեր երիտասարդութիւնը անցուցիք
սառնամանիքներու մէջ, բայց ո՛չ մէկ սառնամանիք չկըրցաւ
սառեցնել ձեր հայրենասիրութիւնը, ձեր նուիրումի
ոգին։

Մեր պարտականութիւնն է յաճախ յիշեցնել, որ
Վաղարշակ Նորենցն ու իր սերունդը նորամանուկ Հայաստանին
համար տուին իրենց ամբողջ ունեցածը:
Երբ խօսքս վերջացուցի, արցունք նկատեցի Նորենցի
աչքերուն մէջ։