Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/141

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ձանագրուած Դենշապուհի, Յազկերտի, Միհրներսեհի
երկրին:

«Թեհրան»ով ճանչցանք Իրանի նոր դիմագիծը՝ իր
առօրեայով եւ իր դասակարգային պայքարներով:

Այս վէպը, ինչպէս նաեւ Հրաչեայ Քոչարի «Մեծ
Տան Զաւակները» Պէյրութի «Գրական Շրջանակ»ի քանի
մը յաջորդական նիստերուն քննարկումի առարկան դարձան:

Շրջան մը, Գարեգին Սեւունց, կոչուեցաւ Հայաստանի
«միլիոնատԷր» գրողներէն մին, քանի որ «Թեհրան»ը
թարգմանուելով խորհուրդներու մեծ երկրի շատ մը
ժողովուրդներու լեզուներով, հեղինակին բերած էր բարձրահունչ
անունի մը կողքին՝ մեծկակ գումարներ...

Հիմա, հրբ աւելի քան քառորդ դար անցած է այս
վէպին լոյս ընծայումէն ասդին, քանի՞ հոգի կը վերադառնայ
այս վէպին: Ես այդ փափաքը չունիմ, սակայն կը
պահեմ հինէն եկող համակրանքս:

Գարեգին Սեւունցին հետ խօսելու առիթ քիչ ունեցած
եմ, որովհետեւ շարունակական թռիչքներու մարդն
էր ինք՝ երկրին ներս ու դուրս:

Բայց ահա 1963-ի առաջին կէսերուն, առիթը ունեցայ
զրոյցի կենալու Սեւունցին հետ Երեւանի Ծածկած
շուկային մէջ:

Երբ շուկայի մեծղի դռնէն դուրս եկանք, մեր պայուսակները
դրինք աստիճաններուն վրայ եւ սկսաւ զրոյցը
մեր միջեւ:

Այդ զրոյցը մեր ժողովուրդի գոյատեւումին մասին
էր: Յետադարձ ակնարկուի մը կը մտածեմ ես - երկու
հայ ո՛ւր ալ հանդիպին իրարու, ինչ պայմաններու տակ
ալ ըլլան անոնք, նոյնիսկ երբ այդպէս բեռնաւորուած են
պտուղներով փոխանակ տուն աճապարէլու, կը կանգնին
դէմ—դիմաց եւ կը փորձեն լուծել իրենց ճակատագրին հետ
կապուած անլոյծ խնդիրներ...

Սեւունցը հարցումներու տարափով մը ողողեց զիս:
Ես համբերութեամբ կը պատասխանէի: Հարցումները