Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/142

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կընդգրկէին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր զոյգ գաղութներուն
ցուցաբերած շարժումները ազգային եւ ընկերային
տեսակէտէ:

Սահեցան ժամեր, անզգալաբար... Յետոյ սկսանք
միտքով թափառիլ հեռաւոր երկինքներու տակ:

Խօսակցութիւնը հասաւ տեղ մը երբ Գարեգին Սեւունց
շեշտակի հարցուց.

— Հաւատո՞ւմ ես մեր ժողովրդի յաւերժութեանը։

Ես պահ մը զարմացայ եւ հարցումը գտայ անտեղի:
Որովհետեւ, այդ հարցումը ինծի համար երկու պատասխան
չունէր. պատասխանը մէկ էր ու մեկին: Եթէ չհաւատայիք
կնշանակէր թէ չէի հաւատար նաեւ իմ սեպհական
գոյութեանս:

— Անշո՛ւշտ, աներկբայօրէն:

— Հիանում եմ քո հաւատքին... Բայց անփոխանցելի
չէ...

Ըսաւ ու քալեց:

Ես գամուած մնացի շուկայի աստիճաններուն:
Ի՞նքն էր, «Թեհրան» վէպի հեղինա՞կը, այդ խօսքերը
ըսողը: Երբ՝ «կը հիանամ» ըսաւ, ըրածը հաստատո՞ւմ
մըն էր, թէ ժխտում մը... Հապա այդ «փոխանցելի չէ»ն:
Ինչու մէկ անգամէն առաւ քալեց, բացատրութիւն
չտուաւ: Գրող մը իրաւունք ունի՞ այդպէս վարուելու:

Այդ օրը ամբողջ ամպամած էր երկինքը ինծի համար,
թէեւ արեւը կը շողար Երեւանեան երկնակամարին
վրայ: Այս մարդը միշտ ղեկավար շրջանակներու հետ էր
եղած, Կարմիր Բանակի շարքերուն մէջ Թեհրան էր եղած:
Այնտեղ ստանձներ Էր պատասխանատու պաշտօն, գրած
ուշագրաւ վէպ մը, իսկ հիմա, ինչպէս կըսենք կշիռ ունեցող
մարդ էր, ապա ուրեմն ինչո՞ւ այո խօսքը, ինչպէ՞ս
բացատրել զայն... Արդեօք ե՞ս սխալ հասկցայ զինք, թէ
ինք սխալ արտայայտուեցաւ եւ չկրցաւ ճիշդ բառը գտնել
երբ ըսաւ «փոխանցելի չէ»...