Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/145

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Շամախ ծնած, Երեւանէն պոկուած, այլ Երեւանին
միացած այս մարդը դարձեր էր մայրաքաղաքին
շքեղութիւններէն մէկը:

Քիչեր կը տեսնէին այս շքեղութիւնը, լեռն ի վեր
բարձրացած այս «նաւ»ը, կոստան Զարեանը, որուն
կեանքը եղաւ կռիւ ինքն իր անձին դէմ ու վասն Հայ գիրին.
մէկը որ երեսուն տարեկան էր երբ սորվեցաւ մայրենին,
այլ շուտով քրմապետը դարձաւ հայ գիրի տաճարին...

Օգտադործած եմ իրեն հետ խօսելու ամէն առիթ։
Տունը ըլլայ, թէ փողոցի մէջ, կամ ամրան, սրճարանի
մը մէջ, գաւաթ մը սուրճի շուրջ:

Հիմա, տարիներ ետք, երբ կանրադառնամ, թէ այդ
օրերուն մեծ գրողը աւելի խօսիլ տուած է զիս, քան թէ
արտայայտուեր է ինք, զայրոյթի ալիք մը կը զգամ ինձմէ
ներս՝ ես ինծի դէմ:

Ճիշդ է, լուրեր կը հաղորդէի իրեն՝ իր զաւակներէն,
քանդակագործ՝ իր աղջիկէն՝ Նուարդ Զարեանէն, որ
ցարդ Հռոմ կը մնայ, լուրեր կը հաղորդէի իր միջնեկ որդիէն՝
Վահէ Զարեանէն, որ կը բնակէր Քոփենհակէն, եւ
լուրեր՝ արտերկրի իր գրող բարեկամներէն եւ հիացողներէն:

Բայց չեմ կրնար ես զիս արդարացնել այսօր...

Կրնամ վկայել սակայն — ամէն անգամ, որ Կոստան
Զարեան խօսած է ինծի, զգացած եմ որ կը գտնուիմ մեծութեան
մը դիմաց: Իր ծանրախոհ տեսակէտներով, իր
խորունկ վերլուծումներով, կեանքը դիտելու ինքնատիպ
իր եղանակով, անուղղակի առինքնած էր զիս: Իր կիրթ
մարդու ծով գիտելիքները ապշեցուցեր եւ հիացուցեր են
զիս ու մղեր որ կրկին ու կրկին այցելեմ մեծ մտաւորականին՝
Աբովեանի իր բնակարանին մէջ:

Կը սիրէր երբեմն նստիլ «Երեւան» պանդոկի ամառնային
սրճարանը: Կինօ Մոսկուան մեր դէմը կըլլար: Այդ
շարժանկարի սրահին կը նայէր Զարեան, յիշելով եկեղեցին,
որ գոյութիւն ունեցած էր այդտեղ ու եկեղեցիէն
աւելի կը խօսէր անոր ճարտարապետութեան մասին:

Հետագայ տարիներուն, երբ հոն՝ փլած պատի մը
վերականգնումին աշխատանքները կը կատարուէին, երե–