Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/15

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ուսանող էի։ Յաճախ կը տեսնուէի բարեկամներէս Գրիգոր
Քեշիշեանին հետ։

Կիրակի մը, Գրիգորենց տունն եմ: Լենինեան պողոտային
այն շէնքին ուր Չարենցը ապրած է իր
երկրաւոր գոյութեան վերջին տարիներուն: Այն տունին
մէջ, ուր Քեշիշեան կապրեր իր կնոջ՝ Յակոբեան Անժիկին
հետ։

Տարօրինակ եռուզեռ մը կար այդ օր Քեշիշեաններու
տանին մէջ: Յաջորդաբար ներս կը մտնէին զոյգեր,
ոմանք երախաներ չալկած։ Խանդավառ խօսակցութիւն մը՝
խնդուքի ալիքներուն վրայ բարձրանալով կը ջերմացնէր
մթնոլորտը։ Պահ մը ինծի այնպէս թուեցաւ թէ հոն ներկայութիւնս
աւելորդ էր: Մեկնելու ցանկութիւնս զսպեցի
սակայն ու հարց տուի Անժիկին.

— Անժիկ սիրելի, ի՞նչ կայ այսօր։

Նուրբ իր ժպիտին ընդմէջէն ծորող նուրբ ձայնով
մը պատասխանեց.

— Այսօր, մեր համալսարանական օրերի դասընկերներով
մի պտոյտ ենք կազմակերպել: Գնում ենք քաղաքից
դուրս զբօսնելու։ Ով ամուսնացել է, տեսնում ես,
եկել է երախաներով. բացակայ չունենք: Կայ մի բացակայ
միայն, նա էլ Մոսկուայում է, գործուղման է գնացել:

Մէկը, պատուհանի մօտ կանգնած, տղեկ մը գրկին,
գոչեց յանկարծ.

— Կայ մի ուրիշ բացակայ... Անդրանիկ Թերզեանը:

Պայծառ, երկինքը կարծէր ամպոտեցաւ յանկարծ,
լսուեցաւ նոյնիսկ ղսպուած հեծկլտուք մը, որ հետզհետէ
զօրացաւ եւ բազմապատկուեցաւ ու իմ զարմանքս աւելցաւ
երբ աղջիկներու հեծկլտոցը լացի վերածուեցաւ ու իրենց
միացան տղաքը:

Ի վեհրջոյ, Գրիգորն էր, աննման Գրիգորը, որ ըսաւ.

— Երեխէք, ինչո՞ւ այս լացը ուրախութեան օրով։
Որ Անդրանիկը այստեղ լինէր. թոյլ կը տա՞ր որ լացուկոծ
լինէր։ Նա դէմ էր լացի։ Նա ուրախութեան բանաստեղծ
էր: