Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/152

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Թափալցեանին համար հետաքրքրական էր թէ՛ Հալէպը,
թէ՛ Դամասկոսը, թէ՛ Պէյրութը, թէ՛ Սոֆիան եւ
թէ՛ աշխարհի տարբեր այն մայրաքաղաքները, որոնք թափառումներուս
չուացուցակին մաս կը կազմէին։ Խօսեցանք
Սփիւռքի մեր ցրուածութենէն ու ցրուածութեան
անպատեհութիւններէն։ Այսպէս կոչուած ազատ աչխարհի մեր
կաշկանդուածութիւններէն երբ դրացի գաղութներ անգամ
զիրար լաւ չեն ճանչնար, կարենալ գործելակերպի նոյնութիւն
մը ստեզծելու համար:

Յետոյ անցանք գրականութեան: Ես խօսեցայ իր
«Պատերազմ» վէպի մասին: Ակնարկեցի թէ վէպը ձգձգուած
է եւ թէ խտացումէ մը կրնայ շահիլ գործը: Ու
անմիջապէս, որպէսզի հիւրընկալիս վրայ ծանր տպաւորութիւն
չթողում, աւելցուցի թէ ըստ էութեան «Պատերազմ
ու Խաղաղութիւն» վէպն ալ երկար է...

— Երիտասարդ, — պատասխաներց Թափալցեան,-
այդ գործերը չեն բաղդատում։ Մէկը հանճարեղ Թոլսթոյի
ստեղծած պատերազմն է։ Միւսը՝ իմ տեսածն ու
ապրածը: Տարբեր մարդկանց գրիչներով պատկերուած։
Ուրեմն տարբեր պիտի լինէին:

— Ընկե՛ր Թափալցեան, իսկ չէք կարծեր որ ձեր
«Ոսկէ Հովիտ» վէպը շատ սուր կը հարուածէ խորհրդային
կարգերու թերիները, ինչպէս նաեւ «Հայրենաչէն»ը:

— Դուք շուտով բժիշկ էք դառնալու: Ապա, ի՞նչ էք
կարծում, թարախը պահե՞լն է լաւ մարմնի համար, թէ
թարախին ճանապարհ տալը:

Իմ այդ վէպով, երեւի, ճեղը եմ բացել թարախի
համար, որ Հայաստանի մարմինը առողջ մնայ, ստեղծագործական
մեր ուժը պալարներէ զոհ չգնայ:

Ինձ թւում է, պիտի որ բժշկական ուսանողը դժգոհ
չմնայ վիրաբուժական իմ այս գործողութիւնից։

Ըսաւ ու ժպտեցաւ: Ժպտեցաւ մեղմութեամբ: Մեղմութիւն
մը որ հակապատկե՛րն էր իր խիստ արտաքինին:
Այդ օրը ես դժգոհ չեղայ որ փակ գտայ Վիգէն
Խեչումեանենց տունը։