Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/155

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քաղաքին առաւօտներուն մասին, վերջալոյսներուն մասին:
Հոգեպէս, իր ապրած քաղաքին անունէն ջնջած էր եթե նախամասնիկը
ու թողած Վանը։ Վերջամասը իրեն համար
առաջամաս էր:

Հո՛ն կապրէր:

Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ կային թրթիռ,
երբեմն յուզականութիւն, ընտրականութիւն, բայց ինչ որ
հինը յիշեցնող բոյր մը, համ մը...

Ամէն վանեցի քիչ մը բանաստեղծ է։ Վեսպերը քիչ
մը աւելի: Այդ օր խօսեցաւ բաւական երկար: Հիանալի
գոյներով ներկայացուց Վանը։ Երբ դուրս ելանք, ան յաջողեր
էր մեզմէ իւրաքանչիւրը քիչ մը վանեցի դարձնել:

Որովհետեւ վեսպերը Երեւանի մէջ ապրող Վանն
էր: