Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/157

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մարդեր: Ապրեցաւ, հազարաւոր անգամ հարիւրաւոր մարդոց
կեանքը։ Բայց ամենէն աւելի տառապեցաւ իր ժողովուրդին
կեանքովը:

Բեմը իրեն համար կեանքն իսկ Էր եւ անծայրածիր
այս աշխարհը իր փոքր բեմը։ Փափազեանը մեր մոլորակին
համար շատ էր։ Ան ծնած էր համաստեղութիւններու համար,
բայց իրմով մեր մոլորակը բախտաւորուեցաւ, ու
մեր մոլորակին վրայ Հայաստանը բախտաւորուեցաւ
ամենէն աւելի, քանի որ Փափազեանը աշխարհի բոլոր
ոստաններէն աւելի Երեւանը նախրնտրեց...

Ութսուն տարուան մէջ հազարաւոր տարիներ ապրեցաւ
Փափազեան։ Սակայն պայմանները թոյլատու չեղան,
որ ան Շէյքսփիրի երկրին մայրաքաղաքին մէջ
անգլիացի հանդիսատեսին ցոյց տար թէ Վահրամ Փափազեանը
ինչպէ՛ս կը վերապրի ու կապրեցնէ հանճարեղ անգլիացիին
կերպարները։ Ու այդ ցաւը զինք տարաւ։

Մայրաքաղաքը ամբողջ կը խօսէր, թէ Փափազեանին
ութսունամեակը պիտի նշուի հանդիսաւորապէս։
Բերկրանքով ընդունուեցաւ այս լուրը: Տակաւին երկու
տարի առաջ աննման Փափազեանը, նոր թատրոնի բեմին
վրայ Սունդուկեանցիներու հետ ձեռք—ձեռքի բեմ բարձրացած
էր ու յայտարարած՝ Սարոյեանին նման ու Սարոյեանին
հետ, թէ իր սիրտը լեռներուն է, ու խլած էր ինչպէս
միշտ, փոթորկալի ծափեր։

Առիւծը որքան ալ ծերանայ, կը մնայ առիւծ։

Տակաւին վերջերս, տեսարան մը խաղացած էր
Օթելլոյէն.

— Տեզտեմո՜նա, թաշկինա՜կը..., - ու թէ՛ բեմին
դիմաց նստողները, թէ՛ հեռատեսիլի սիրահարները Վահրամ
Փափազեանը կրկին տեսնելու հրճուանքն էին ապրեր։

Յաջորդ օրը, մայրաքաղաքը ամբողջ, այդ մասին
կը խօսէր:

Նոյն օրերուն էր որ քաղաքով մէկ կայծակի նման
երկինքը թրատեց երկրորդ լուրը՝