Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/16

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Քակուեցան յուշերու ծրարները։ Ամէն մարդ բան
մը պատմեց թերզեանէն։ Ես պատմեցի իր Հալէպի կեանքէն,
ու աւելցուցի. Անդրանիկը Հալէպի մէջ կապուած էր
աղջիկի մը բայց իր սէրը մնաց անպատասխան: Լաւ աղջիկ
մըն էր այդ մԷկը գարուն հասակով եւ տրամադրութիւններով.
բայց... ան փախաւ Անդրանիկին գարնան
ելման գետի մը պէս շառաչող սէրէն։ Ու երբ տարիները
սահեցան ու բանաստեղծը մեկնեցաւ Հայաստան իր երկրին
հողը ոռոգելու համար ու հոն միացաւ իր հողին, ահա
այն ատեն Անդրանիկին սիրած աղջիկը լացաւ դառնօրէն
օրերով ու շաբաթներով, մինչեւ որ Սփիւռքի դառն քամիները
քշեցին զայն ու տարին հեռաւոր ափեր, հեռաւոր
ու ցուրտ ափեր հոն կորսուելու համար ընդմիշտ։

Իրենք ալ պատմեցին իրենց Երեւանի համալսարանի
օրերէն:

Ի վերջոյ մէկը եզրակացուց.

— Թերզեանը միայն դասընկեր չէր մեզ համար.
միայն մի խանդավառ ու զուարթ երիտասարդ չէր։ Նա
մեր ժողովրդի արեւմտահայ կէսի միացումն էր մայր հողի
վրայ ապրող իր միւս կէսին, այնպէս մերուել էր նա մեզ
հետ: Նա, Արեւմտահայ գրականութիւնն էր։ Մենբ, նրա
չնչի տաք ալիքով լրիւ հասկացանք Դուրեանին, Մեծարենցին:
Միայն նրա միջոցաւ ճանաչեցինք Մատթէոս
Զարիֆեանին...

Այս խօսքին վրայ ներկաներէն մէկը արտաասնեց.

— Ա՜հ, մի՛ դպիք այս տղուն.
Խենթը մինակ կը թողուն։

Ուրիշ մը ծ՜որ տուաւ մեղեդիի նման .

— Կիսամութին մէջ հոգիիդ
Պիտի իջնեմ այս իրիկուն.
Քանի մը վարդ աղուափթիթ
Պիտի գողնամ ու տանիմ տուն,
Պիտի արդեօք վշտանա՞ս դուն։