Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/163

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այդ օրերուն, Կենտկոմի առաջին քարտուղարը՝ Ե.
Զարոբեանն էր: Կորովի եւ նուիրեալ հայ մը, որ երբ արձակուեցաւ
քարտուղարի իր պաշտօնէն, Երեւանի օդանաւակայանը
դարձաւ ծաղկեփունջերու պարտէզ՝ Զարոբեանի
Մոսկուա վերադարձի ճամբուն վրայ, որպէս նշան
երախտագիտութեան՝ մարդու մը հանդէպ, որ գիտցաւ
յարգել իր ժողովուրդին զգացումներն ու արտայայտեց
անոր կամքը Ապրիլեան Եղեռնի զոհերու յիշատակին կանգնած
յուշարձան–կոթողով, եւ աւելին, թոյլ տուաւ որ հայ
ժողովուրդը հարիւր—հազարներով ողողէ մայրաքաղաքի
փողոցները 1965 թուականի Ապրիլի 24–ին:

Հիմա, որ նոր է անհետացեր ան այս աշխարհէն,
անվարան ըսենք իր մասին.

— Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի...

Ուրեմն Գրողներու Տան բեմէն, երկրորդ քարտուղարը
կը խօսի, ձեր գրականութեան այսօրին եւ հեռանկարներուն
մասին:

Վարէն, կարգ մը գրողներ, ինչպէս Հայաստանի
մէջ կըսեն, ռեպլիկա կուտան: Բոլորին մէջ ամենէն աւելի
ոտքի ելլողը, անհամբերութեան նշաններ ցոյց տուողը
Շիրազն է: Ատենը հեղ մը ան կը պոռայ գրեթէ.

— Դուք, ա՛յն ասէք, ընկե՛ր Պաղտասարեան, թէ
ե՛րբ էք հրատարակելու իմ Դանթէականը... թէ ոչ խօսում
էք ու խօսում, շատ ենք լսել այդպիսի բաներ...

Քանի մը անգամ, զեկուցաբերը ստիպուեցաւ դադրեցնել
իր ելոյթը, եւ Շիարզին ուղղելով իր խօսքը, ըսել.

— Ընկե՛ր Գիրազ, մենք յարգում ենք ձեր վաստակը:
Իսկ եթէ ասելիք ունէք, խնդրեմ, հերթը ձեզ էլ կը
գայ, կը խօսէք ինչ ցանկանում էք։ Իսկ այժմ, թոյլ տուէք
աւարտեմ իմ զեկոյցը:

Բայց անզսպելի էր Շիրազը: Քարտուղարի այս
ելոյթէն վերջը ալ ան շարունակեց նստած տեղէն սուր ճօճել,
եւ... քանի մը անգամ։

Կնոջական ձայն մը որոտալ փորձեց.

— Դուրս դրէք նրան, հերի՛ք է, խանգարում է: