Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/164

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Դուրս դնել հայոց մեծ բանաստեղծը, Շիրա՞զը։
Ատիկա արդէն իսկապէս անպատեհ առաջարկ էր։
Բարեբախտաբար Կենտկոմի Բ. քարտուղարը աւելի համբերատար
դուրս ելաւ բան ընդմիջոդ ձայնին տէրը:

Մթնոլորտը ելեկտրականացած էր։ Շատեր ելոյթ
ունեցան: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պարոյր Մեւակը, որուն
խօսքին հետեւեցանք մեծագոյն ուշադրութեամբ։ Պարոյրին
խօսքը գործի կոչ էր:

Յանկարծ տրուեցաւ Արշալոյս Սարոյեան անունը:
Խորհեցայ, թէ ինծի անծանօթ աղջիկ մըն է այս մէկը։
Կարդացած էի իրմէ բանաստեղծութիւններ: Յաճախ
հայրենասիրական երգեր էին անոնք: Բայց ո՞ր հայ գրողին
լարերուն վրայ չկան հայրենասիրական թրթիռներ։

Բեմ բարձրացաւ ըմբոստ վարսերով երիտասարդ մը։

— Այս ո՛վ է, - ըսի մօտս նստողին:

— Արշալոյս Սարոյեանն է,— եղաւ պատասխանը:

— Ես կը կարծէի թէ աղջիկ է,— ըսի:
Խնդացինք երկուքս ալ: Քովինս շարունակեց.

— Հիմի իր ելոյթից կը հասկանաք՝ աղջի՞կ է
տղայ:

Բեմին վրայ ձայն մը կը չաչէր: Եթէ մեր նստած
տեղը քարայր մը ըլլար, այդ ձայնը կրնար երկար
ձագանգ տալ։ Քանի մը հարիւր հոգի մտիկ կ՝ընէին այդ
ձայնը եւ շատեր գլուխ կը շարժէին: Ոչ ոք ըսաւ իրեն որ
վար իջնէր: Կը խօսէը Պարոյր Սեւակի ելոյթին դէմ։

«Խեղճ Արշալոյս Սարոյեան, ըսի միտքէս, չե՞ս գիտեր
որ լռութիւնը ոսկի է, մինչ որոտալը աւազախրումի
կրնայ տանիլ մարդը: Քու գետակի ալիքներդ որքան ալ
«ահեդ» ըլլալ տենչան, անկողինիդ ափերուն կը փշրուին:
Աւելի լաւ չէ՞ որ գետակութիւնդ շարունակես լռիկ—մնջիկ,
գիտակցելով այն իրողութեան որ մրրիկը ովկիանոսին է
վայել»:

Եւ Արշալոյս Սարոյեան ռեպլիկներու տարափի մը
տակ՝ վար իջաւ բեմէն: