Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/165

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստի աւարտին, քանի մը հոգիով մօտեցանք
Արշալոյսին ու՝

— Ախր, Արշալոյս, քո ինչ գործն էր այդպէս յարձակուել
Պարոյրի վրայ:

— Ձեզ ինչ ասեմ, ֆեդիչացնում էք մարդուն։

Ֆեդիշացնել, նոյն խօսքը լսած եմ պէյրութահայ
քանի մը գրողներէ, այլ գրողներու մասին: Ահա խորհելու
եղանակ մը, որ երաժշտութեան անտեղեակներուն չրթնահարմոնն է:
Տկար զէնք մը՝ տկարէ ձեռքին:

— Չհասկցայ ձեր գործածած այդ բառը, - ըսի
բանաստեղծին:

— Չհասկացաք, չհասկացաք, – առաւել եւս բորբոքեցաւ
Արշալոյս,— ինչ է, բոլորդ խօսքը մէկ արել,
վրաս է՞ք յարձակուելու...

Բոլորս... հեռացանք:

Առանձին մնաց Արշալոյսը։ Եւ...

Երբ առանձին մնայ նոյնիսկ բացուող աւօտ արշալոյսը,
ո՛վ պիտի հաստատէ շքեղութիւնը անոր...

Անկէ ետք, հակառակ էր այդ օրուան ելոյթէն իմ
ստացած վատ տպաւորութեան, երբ մամուլի մէջ իրմէ
կարդացի քանի մը իրաւ բանաստեղծութիւններ, ջերմացաւ
սիրտս այդ երգերով։ Ու օր մըն ալ, երբ ան դուրս
կելլէր «Գրական թերթ»ի խմբագրատունէն, բռնեցի իր
թեւէն եւ ըսի.

– Արշալո՛յս ջան, լաւն էին բանաստեղծութիւններդ:
Օդի մէջ չէին: Շօշափելի էին, սրտամօտ, ընտրական,
իսկական բանաստեղծական:

Ինք մոռցած կերեւէր իր ելոյթը։ Ես ալ չյիշեցուցի։

Հիմա որ ինք չկայ, ի՞նչ մնաց իրմէ, կը մտածեմ:
Այդ կծու յարձակո՞ւմը... Ո՛չ անկասկած, այլ սիրտ ջերմացնող
էր քանի մը երգերը, որոնք կը բխէն հայրենի
հողէն, երկրէն, կեանքէն...