Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/169

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կաններու շուրջ, Պէյրութէն մինչեւ Փարիզ, Պոսթոն ու
Նիւ—Եորք։

Մկրտիչ Արմէնը յայտնեց այն կարծիքը, թէ
սփիւռքի մէջ մեր գրողներուն համար անհրաժեշտ էր ըստեղծել
նիւթական պայմաններ, առանց անտեսելու բարոյական
քաջալերանքը։ Տպագրուիլը ամենէն կարեւորն
է: Գրողը առանց հրատարակուելու, ինչպէ՞ս շարունակէր
իր ստեղծագործութիւնը:

Զարմանալի արագ քալուածք մը ունէր Մկրտիչ
Արմէն, նոյնքան արագ կը խօսէր, բայց իր գրականութիւնը
երբեք չունէր հապճեպութեան կնիքը:

Լոյս տեսաւ Մարօ Մարգարեանի «Ձնհալից յետոյ»
ժողովածուն:

Գիրքին անունը հետաքրքրական էր: Բովանդակութիւնը՝
նոյնպէս: Հասարակութիւնը ջերմ ընդունելութիւն
մը վերապահեց այս գործին, ինչպէս Մկրտիչ Արմէնին՝
անոր «Պատուիրեցին յանձնել ձեզ» գիրքին առիթով:

Մեզ առինքնողը Մարօ Մարգարեանի բանաստեղծութիւններուն
մէջ առաջին հերթին անկեղծութեան
շեշտն էր, երգերուն զուլալութիւնը, որոնք կը նմանէին
լեռնային աղբիրրներու...

Բայց ահա ձիւնամրրիկի զոհերէն մէկը ու մանաւանդ
ձիւնհալով ազատագրուած մը նոյնինքն Մկրտիչ
Արմէնը, դէմ արտայայտուեցաւ բանաստեղծուհիին այս
դիրքին: Համերգին մէջ սխալ ձայնանիշ մը։

Չհասկցուեցաւ պատճառը:

Մկրտիչ Արմէնը չեմ դատեր իր այս մէկ ելոյթով։
Անկասկած, «Հեղնար Աղբիւր»ի հեղինակը խորհրդահայ
գրականութեան արժանաւոր ռահվիրաներէն մէկն է: Չլլային
ձիւնամրրիկի տարիները, մեր գրականութիւնը իրմէ
շատ աւելի բան կրնար յուսալ, սակայն ինչ որ տուաւ,
արդէն մաս կը կազմէ անջնջելիին։

Մկրտիչ Արմէնի ստորագրած էջերուն մէջ հաւատք
մը կայ դէպի մեր ապագան: Այդ հաւատքը կը բխի մարդուն
հանդէպ իր տածած լաւատեսութենէն:

Եւ այդ հաւատքը մե՛րն ալ է: