Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/170

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՎԻԳԷՆ ԽԵՉՈԻՄԵԱՆ


Առաջին անգամ երբ կարդացի իր «Զուարթնոց»ը,
մտածեցի թէ Վանական մըն է անոր հեղինակը, կամ հին
ծաղկող մը, գուցէ մէկ հեռաւոր հարազատը Ակսել Բակունցին:

Հետագային, երբ Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանը
նմանցուցի, միտքիս մէջ, նոր օրերու վանքի
մը, ապա խորհեցայ թէ Վիգէն Խեչումեանը, անպայման
վանական մըն է, գիրեր ծաղկող գրիչ մը եւ հոգեղբայրը
Ակսել Բակունցին: