Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/173

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Գացինք մեծ Նարեկացիին գիւղը: Գացինք Աղթամար,
երկու անգամ:

— Պատմէ՛ր, պատմէ՛ր...

— Աղթամարի Գագիկաշէն տաճարը կանգուն է:
Լաւ վիճակի մէջ է։ Կրնայ տակաւին դարեր դիմանալ
ճարտարապետական այս կոթողը, բնութեան հարուածներուն
դէմ: Աղթամարէն նուշ բերած եմ, կրնամ ձեզի ալ տալ:

Խեչումեան առաջին անգամ ըլլալով, կը ժպտի: Ես
կը շարունակեմ.

— Նարեկ գիւղը կոչած են Եմիշլիք, որ կը նշանակէ
մրգաստան:

— Լաւ անուն են ընտրել տնօրէնները...

Այո, իրական մրգաստան մըն է Նարեկը։ Այնքա՜ն
պտուղ կայ: Կը նայիս ծառերուն, այնքա՜ն ծռած են ճիւղերը,
կարծես խոնարհած են շնորհակալութիւն յայտնելու
համար հողին, որ պտղաբերած Է զիրենք այդպէս:

Քանդած են Նարեկայ վանքը: Դարաւոր եկեղեցիէն
կանգուն մնացած է պատ մը միայն: Այդ պատին վրայ
ամրացուցած են գերաններ, շեղակի, վրան շարած թիթեղի
թերթեր ու յարդանոց մը յարմարցուցած: Մտանք յարդանոցէն
ներս եւ շարական մը երգեցինք: Արցունք կար
մեր տղոց աչքերուն:

Նարեկը այժմ քրտական գիւղ է: Գիւղապետին
մօտն ենք: Մեզ կը հիւրասիրէ թէյով: Շրջապատուած ենք
քանի մը տասնեակ քիւրտերով, որոնք բերանաբաց կը հետեւին
մեր խօսակցութեան:

Ո՛չ, Վանի մէջ հայ չկայ: Հայոց մայրաքաղաքը՝
առանց հայու: Հոն, հայերէն գիտցող ծերունիի մը հանդիպեցանք,
անշուշտ թուրը, որ իր վերյիշած կցկտուր
բառերով հասկցուցի թէ մանկութեան իր բոլոր ընկերները
հայեր եղած են, թէ ատենօք ինք հայու պէս հայերէն խօսած
է, թէ հայերուն այս հողերէն գաղթին պատճառ եղողները
դժոխքի արժանանան: