Անտաղանդ չէր Սլաւիկ: Թէ՛ լաւ կը գրէր, թէ՛ լաւ
կը թարգմանէր: Բայց կատարեալ փորձանք մըն էր եւ այն
ալ ի՜նչ փորձանը...
Կը ներկայանայ «Սովետական Հայաստան» թերթի
խմբագրութեան եւ ինքնագիր բանաստեղծութիւն մը կը
դնէ սեղանին՝ տպագրութեան համար:
Խմբագիրը չի հաւնիր գրութիւնը:
— Էս բանաստեղծութիւն չի...
— Լաւ, որ լաւը չի, մի տպի:
Ու սուլելով կելլէ դուրս: Կէլլէ, բայց որոշած է
ընելիքը:
Քանի մը օր ետք, նամակատան միջոցով նո՛յն
բանաստեղծութիւնը, մեքենագրուած եւ ստորագրուած...
«Սիլվա Կապուտիկեան» կը ղրկէ խմբագրութեան:
Բանաստեղծութիւնը կը տպուի օրաթերթին մէջ:
Ոչ ոք կը հասկնայ խաղը: Օրեր ետք, կը հեռախօսեն
Կապուտիկեանին, որ երթայ ստանայ իր գործին պատւագինը:
«Ի՛նչ բանաստեղծութիւն», կըսէ Սիլվան: Կու
տան խորագիրը, «էս էդ տեսակ բանաստեղծութիւն չեմ
գրել մանաւանդ ձեզ չեմ ուղարկել»: Ապա կը գտնէ օրաթերթին
խնդրոյ առարկայ թիւը, ուր «իր» բանաստեղծութիւնը
տպուած է. կը կարդայ, կը զարմանայ, ու հեռախօսը
վերցնելով տեղն ու տեղը կը յայտնէ թէ սխալմունք
կայ, այս գործին հեղինակը ինք չէ: