Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/178

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սլաւիկ Չիլոյեան կը ներկայանայ խմբագրութեան
եւ իր հոնորարը կը պահանջէ.

— Իմս է այդ բանաստեղծութիւնը,— կը պոռայ
Չիլոյեան: — Հապա՞, երբ ստորագրութեամբ Էր,
ասացիք «լաւը չի»։ Դուք տպում էք ստորագրութիւն...

Ուրիշ անգամ մը պոէմ մը կը յանձնէ խմբագրութեան:
Կը տպեն: Տպելէն ետք կը նկատեն, թէ գաղափարական
անճշդութիւններ կան պոէմին մէջ: Գործը նուիրւած
կըլլայ Լենինին։ Փոթորիկ մը կը բարձրանայ խմբագրատան
մէջ: Տպես թէ չտպես, փորձանք է այս
տղան: Յատկապէս կը ցնցուի խմբագիր Յովակիմեանը:

Չիլոյեանը, իր իսկ պոէմը ռուսերէնի թարգմանելով,
շունչը կառնէ Մոսկուա: Եւ հոն՝ իր պոէմը լոյս կը
տեսնէ ռուսական մամուլի էջերուն մէջ։ Այդ թերթէն
տասնեակ մը թիւեր անութին տակ՝ Չիլոյեանը կը վերադառնայ
Երեւան:

Կը տեսնեն զինք, կէս գինով: Կը կանչեն պատասխանատուութեան:
Իր պաշտպանողականը գրպանն Է: Եւ
ամէնուն առջեւ, կը պարզէ իր պոէմին ռուսերէն հրատարակութիւնը
շեշտելով.

— Ես գրել եմ հայրենասիրական պոէմ: Ջատագովել
եմ մեր առաջնորդին՝ Լենինին: Ի՞նչ է, այդ ձեզ դուր
չի՞ գալիս: Համեցէք, Մոսկուան սիրով է տպել:

Բոլորը կը շշմէն: Ի՜նչ կրնային ըսել: Չիլոյեանը
յաղթական, գլուխը բարձը, կառնէ կը քալէ։

Ամէն հանդիպումի կը կրկնէր.

— Ախպե՛րս, մեր ճանապարհը փակում են: Իբր
մենք, մեծամիտ ենք, մեծերին չենք յարգում, արհամարհում
ենք: Այն ինչ, արհամարհողները իրենք են, իրենք
են որ կան: Մենք՝ հէչ: Չեն տպում, չեն քաջալերում, յետոյ
թէ, մենք խման ենք, խուլիգան ենք, եւ ինչ որ «խ»
տառով սկսող ուրիչ բաներ... իբր, իրենք չեն խմում...

Շատ երիտասարդ էր: Շուտ մեկնեցաւ կեանքէն։

Վստահաբար, տարիները լրջութիւն պիտի բերէին
այս պոհեմ տղուն ու զինք պիտի ստիպէին որ
նուիրուէր գրականութեան:

Ափսո՜ս, որ շուտ կորսնցուցինք այս սիրելի խենթը: