Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/18

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՀՐԱՉԵԱՅ ՔՈՉԱՐ



Իրեն հանդիպեցայ Պուլկարիոյ մայրաքաղաքին մէջ։
Տարին՝ 1960։ Ուսանող էի հոն: Քոչար, քանի մը սովետ
գրողներու ընկերակցութեամբ Պաղտատ հրաւիրուած էր
Իրաքի Գրողներու Միութեան կողմէ: Լիբանանահայերը
առիթէն օգտուելով հայրենի արձակագիրը հրաւիրած էին
Պէյրութ: Երկու շաբաթ մայրիներու երկրէն մէջ մնալէ ու
բազում ակումբներու եւ դպրոցներու մէջ մագնիսող ելոյթներ
ունենալէ ետք, Քոչար կը վերադառնայ հայրենիք՝
Պուլկարիոյ վրայով: Զինքը փոխադրող օդանաւը, վերադարձի
ճամբուն, պուլկարական երկինքին մէջ կ'ունենայ