Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/182

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՄՈՎՍԷՍ ԱՐԱԶԻ


Շատ կը սիրէինք Մովսէս Արազիի «Արեւ»ը։ Պէյրութի
փողոցներուն մէջ, երբեմն, ուշ գիշերին, խումբ
մը ընկերներով, Միջերկրականի աղի բոյրը մեր ռունգերուն,
կը խօսէինք Պրոլետարական Գրականութեան մասին:

Երեքներու դեկլարացիան (յայտարարութիւն) կը
վերլուծէինք, կը զարմանայինք այս երեքին՝ Չարենց–
Վշտունի—Աբով իրար մօտ գալուն ու կը բաղդատէինք
անոնց բանաստեղծութիւնները...