Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/184

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Այս բամպակ մազերով մարդը յեղափոխական
եղած է։ Վազած է, պայքարած, գրած, իր կարողութիւնները
լարած, եւ ահա ներկայի իր վիճակը։ Վաղը, մեր
վերջալոյսին, մե՞նք ալ այդպէս, պլպլացող մոմի նման
պիտի շիջինք... Կը մերժէի ընդունիլ այս կացութիւնը:

Օր մը մօտեցայ իրեն եւ ուզեցի օգնել, որ անցնի
մէկ մայթէն՝ միւսը: Մտայ թեւը, անցանք հանդիպակաց
մայթը: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, չես գիտեր
ինչու, հարց տուաւ.

— Ամուսնացա՞ծ էք:

— Այո՛, ընկեր Արազի:

— Որտեղի՞ց էք ճանաչում ինձ։

— Արտասահմանէն:

— Ես արտասահմանում չեմ եղել։

— Ձեր գրականութիւնը կը հասնէր մեզի:

— Հա՜, ուրեմն այդպէ՜ս... Մի գեղեցիկ օրիորդի
հետ խօսում էիք, ձեր տիկի՞նն էր:

— Ո՛չ։

— Պիտի ասեմ ձեր տիկնոջ:

Ուրիշ ոչինչ կրցանք խօսիլ: Դէպքը պատմեցի բարեկամի
մը, եթէ այս եղածը կարելի է դէպք կոչել:

— Հա՜, — ըսաւ բարեկամս, — Արազո՞ւ մասին ես:
Մի «Արեւ» է էլի... Այդքան...

Դառան էր բանաձեւումը։

Հետագային գրող բարեկամ մը, նոյնատեսակ
արտայայտութիւն մը ունեցաւ բանաստեղծ Վահան
Գրիգորեանի մասին.

— Մի «Անիւ» է էլի...

Ակնարկութիւնը կերթար անոր «Անիւ իմ, դարձիր»
խորագրեալ բանաստեղծութեան:

Արազին սերունդի մը ներկայացուցիչն էր: Ինչպէս
մոռնալ որ այդ սերունդը դաժան պայմաններու տակ,
ամրացուց հիմերը մերօրեայ Հայաստանին։