Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/186

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Շարքային» բանաստեղծ մը, բայց որ առաջատար
բանաստեղծներէ աւելի շատ ու աւելի շուտ կը թարգմանւէր
ռուսերէնի, ու կերեւէր Մոսկովեան մամուլի էջերուն
վրայ։

Ղարաբաղի լեռներէն կու գար Աշոտ Գրաշին
Գրիգորեանը: Ունէր տպաւորիչ արտաքին։ Միշտ ժպիտ
մը ունէր դէմքին, ուրախ խօսք մը շրթներուն եւ հեշտ
կազմուող քառեակ մը:

Շատ գիրքեր հրատարակեց: Այսօր, երբ կը մտաբերեմ
իր գործերը, կը դժուարանամ կեդրոնանալ անուն
մը վրայ։ Իրաւ, այսօր ի՞նչ մնար Աշոտ Գրաշիէն։ Բայց
ի՞նչ մնացած է զինք կանխող Ազատ Վշտունիէն Արեւելքի
երգիչէն, որ երգեր արաբական ուղտ, զարթնող Չինաստան,
Հնդիկ Կուլի, սեւ Ափրիկէ եւ... եւ ահա նոյն հարցումը...
ի՞նչ մնաց...

Ոչ, դառան չէ պատմութիւնը:

Եթէ յետադարձ ակնարկով մը խորաչափել ուզենք,
թէ հազարամեայ Հայաստանը ինչպէ՞ս եղաւ վաթսուն
տարեկան, այդ հարցումէն դիմաց, իբրեւ պատասխան, կը
գտնենք Վշտունիներն ու Գրաշիները, անոնց սերունդին
պատկանող բազում եւ բազում մարդիկ, որոնք բարձրացող
մեր հայրենիքէն համար շաղախ դարձան: Ոմանք գրիչով
եւ ոմանք բազուկով, քրտինքով եւ արիւնով ալ...

Գրաշին ամէն օր կու գար Գրողեերու Տուն։

Կը հպարտանար իր շախմատիստ զսւակով: Դմւար
զրուցակից էր, այն իմաստով, որ հետը հազիւ քանի
մը բառ փոխանակած, արդէն կը սպառէր խօսքին կծիկը...

Շատ ուզած եմ, մեր բազմաթիւ հանդիպումներուն
ընթացքէն, խօսիլ նիւթի մը մասին, ուր իր կարծիքը
ըլլայ տիրական, արտայայտէ միտք մը։ Չեղաւ ու չեղա՛ւ։
Երբ կը տեսնուէինք, ձեռքի լայն շարժումներով,
բարձրաձայն կաղաղակէր.