Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/19

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խանգարում է ճամբորդներու էջքը Սոֆիա, կըլլայ պարտադիր:
Օդանաւի այդ խանգարումէն ես եղայ օգտուողը:
Եղայ աննման գրողին հետ երկու, ամբողջ օր:

Խօսէլը արուեստ է, կըսէին։ Կր հաւատայի։ Բայց
երկու օր Հրաչեայ Քոչարը ունկնդրելէ ետք, նոր ըմբռնեցի
թէ ինչ ըսել է խօսքի վարպետ ըլլալը:

Սոֆիայի հայերը, ի պատիւ հայրենի հիւրին, ընդունելութիւն
մը կազմակերպեցին «Երեւան Կուլտուրական
Միութիւն» կոչուող իրենց ակումբին մէջ:

Խանդավառ խօսակցութիւն մը ծայր առած էր Սոֆիայի
մեր հայրենակիցներուն եւ խօսքի անզուգական
մագնիս՝ Հրաչեայ Քոչարի միջեւ, որ կամրջընկեց Արաքսի
պէս վարարած էր: Մթնոլորտին պատճառած ջերմութիւնը
յուզմունքով ողողած էր ներկաները:

Այդ պահուն, ներս մտաւ այդ միութեան ղեկավարներէն՝
Ժեներալ Գաբրիէլ Գաբրիէլովը։ Լուրջ մարդ էր։
Պաշտօնականութիւնը սիրող։ Մեծ ծառայութիւններ մատուցած
էր նորագոյն Պուլկարիոյ, որուն գաղափարական
առաջնորդներէն մէկը եղած էր չրջան մը։

Սրահ էր մուտքը սակայն վերջ տուաւ զուարթ խօսակցութիւններուն։
Ժողովրդային ընդունելութիւնը մէկ
վայրկեանին միւսը զգեցաւ պաշտօնական հանգամանք։
Տեղ բարուերալ ժեներալին, որ եկաւ բազմիլ հայրենի
գրողի կողքին։ Ալ երկու հոգի էին խօսողները, միայն
իրենց համար լսելի։ Կերեւի թէ Ժեներալը անդրադարձաւ
եղածին եւ մէկ—երկու անգամ ժպտելով փորձեց ընդարձակել
խօսակիցներու ծիրը, բայց չհասաւ իր նպատակին:

Երբ վերջացաւ ճաշկերոյթը եւ քանի մը հոգիով հասանք
«Պալքան» պանդոկի այն սենեակը, ուր պիտի մնար
Քոչար, եւ երբ ամէն մարդ մեկնեցաւ եւ գրողին հետ մնացի
առանձին, Հրաչեային դէմքը յուչի մը վերյառնումէն
թթուեցաւ կարծես, եւ ան ինծի դառնալով ըսաւ.

— Թորոս ջան, ո՛վ էր այս մարդը, որ շարունակ
յիշեցնում էր ինձ իր գեներալ լինելը: Ախր, ինք, պիտի
լաւ իմանար, որ ես մասնակցել եմ հայրենական Մեծ Պա–