Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/192

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կան անտառը, մեր օրերուն ալ, ապրի իր փառաւոր անունով:

Ու այդպէս ալ կըլլայ:

Գետերու ձուկերը չդարձնել ուժանակի զոհ, չորսալ
թուխսի նստած՛ կաքաւը։ Այդ ո՞ր ձկնորսն է, ո՞ր
որսորդը որ պիտի յանդգնի չընդառաջել անուանի որսորդի
այս կոչին, որ կը բխէ մեր երկրին կենսական շահերէն:
Իսկ կոչը անտեսողները կենթարկուին պատիժի:

Այդպէս էր Վախթանգ Անանեան։ Ծնած էր, ամէն
օր իր երկրին մասին մտածելու համար. երկրաշէն մարդ
էր...

Ամէն անգամ որ կերթայի իր մօտ, ինծի նուիրելիք
նոր գիրք մը կունենար.

— Վերցրու այս գիրքը, քեզ համար եմ մակագրել -
«Լեռներ Հայրենի»...:

Ուրիշ անգամ մը.

— Այս մէկն էլ վերցրու, մեր երկրի կենդանական
աշխարհի մասին է:

Կը նայիմ գիրքին, կողքին վրայ կաքաւ մըն է
կանգնած հպարտօրէն։

Որսորդը, մասնագէտի գրիչով, քանի մը հատորներու
մէջ ներկայացուր Հայաստանի կենդանական աշխարհը:
Կոթողային գործ մը, որուն համար կարժէ հեղինակին
շնորհել դոկտորական գիտական աստիճան: Բայց
միթէ՞ գրողը առաջնորդուած էր տիտղոսներով: Երբե՛ք:

Կըսեմ իրեն թէ մեծ—հայրս ալ որսորդ էր, բայց
դէմ էր զէնքի գործածութեան: Անմիջապէս կը հետաքրքրուի
մեծ—հօրս կեանքով եւ անոր որսորդութեան մէջ
գործադրած հնարքներով։

Կը պատմեմ: Մտիկ կընէ ժպիտով մը ու կաւելցնէ.

— Որսորդ բարեկամ ունեմ ու որսորդի թոռ՝ Թորոսը,
եւ չեմ էլ իմանում: Բա այս եղա՞ւ, էսքան վախտ
չես պատմել...

Կը պատմեմ.

— Մեծ—հայրս կընտրէր խոշոր հողի բունծեր եւ
լոլիկի թուփերու ստուերներուն՝ բունծերը կռթնցնելով
փայտէ ձողիկներու, շուրջբոլորը քարեր կը շարէր ստեղ—