Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/198

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Շուրջ տասներկու, տարիներ անցեր են մեր այդ
օրուան խօսակցութենէն: Օրացոյցին այդ պոկուած թերթիկը
աչքերուս առջեւն է՝ լրիւ պայծառութեամբ։ Անանեանի
սերունդը տարբեր մտածեց, տարբեր գործեց։ Ու
ճիշդ գործեց: Դիւրին է կեդրոնական ջեռուցման միջոցներով
տաքցած սենեակներու մէջ նստիլ եւ փայտ վառող
մարդոց վրայ դիտողութիւն տեղալ: Պէտք է սակայն
հարցնենք թէ ինչպէս հասանք ջեռուցման այս նորագոյն
միջոցները ունենալու կարելիութեան:

Այդ ինչպէս եղաւ որ համարեա ամէն օր Երեւանը
կաճի ու կը բազմանայ երկեաբերներով: Ու տակաւին
ինչպէս կըլլայ որ երէկի գաւառական գիւղաքաղաք Երեւանը
դարձաւ անցնող տարիներու ըեթացքին դիտական
սիմպոզիումներու կեդրոն, ընդունելով աշխարհի ամենէն
զարգացան երկիրներէն հարիւրաւոր գիտնականներ, որոնց
հետ հաւասար ուժով, սեղան նստեցաւ, հարցեր լուծեց,
առաջադրանքներ բարձրացուց։

Վախթանգ Անանեանը դէմ չէր դժգոհելուն։ Դէմ
չէր նոյնպէս բողոքելուն: Սակայն իր գլխաւոր Այոն կու
տար աշխատանքին:

Աչքը բաց չմեկնեցաւ Անանեան: Քառասունէ աւելի
լեզուներով կարդացուող այս մարդը, քառասուն տեսակ
գործ կատարեց իր ժողովուրդէն համար, ու մեզի, իր
յետնորդներուն, սորվեցուց մէկ բան՝ աշխատիլ, անընդհատ
աշխատիլ, աշխատիլ երկրէն ու ժողովուրդէն համար:

Պարզ էր ան, գիւղացիի մը պէս պարզ, բարի, բայց
եւ գիտուն էր եւ իմաստուն, հողին, ժամանակին, դարերուն
գիտութեամբ եւ իմաստութեամբ լեցուն:

— Չոպան էի,— կըսէր Վախթանգ Անանեան օրինակելի
համեստութեամբ մը,— եւ դարձայ որսորդ:
Որսորդ մնացի ու դարձայ գրող: Ո՞վ Էր մտածում, որ մի
հասարակ գիւղացի, շինական, յանկարծ կը դառնայ
գիւղական թերթի թղթակից, ապա գրող: Այդ իմ ժողովրդի
շնոոհիւ էր, իմ երկրի շնոոհիւ։

Դեհ, գիրք գրեցի, Իշխան որսացի ու արջ ծառ
պատուաստեցի, ու ամենից կարեւորը՝ երկիրս սիրեցի:

Ես իմ երկրի պտուղն եմ։