Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/201

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԲԵԳԼԱՐ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ


Երբե՛ք չէի յուսար, թէ օր մը կրնամ ծանօթանալ
«Նեղուցները եւ Հայկական Հարց»ը գիրքի հեղինակ՝ Վահան
Նաւասարդեանի զաւակին: Տարբեր էին մեր ուղիները.
ինք՝ հօրը օրինակով «Յուսաբեր»ի խմբագիր,
բուրգերու երկրին մէջ, իսկ ես՝ ուսանող Արարատի հովանիին
տակ:

Այդ տարի, ինչպէս ուսանողութեանս բոլոր տարիներուն,
դարձեալ գացեր էի ֆարիզ։ Փարիզը երազներու
քաղաք է քիչ մը ամէն երիտասարդի համար: Անշուշտ
Փարիզը ոմանց համար Լուվրն Է: Այն Լուվրը, որուն
այցելուն, կրնայ գինովնալ... առանց կաթիլ մը խմելու։

Ուրիշներու համար Փարիզը Նոթր Տամն Է, խաղաղ
հոսող Սէն գետի ափին։ էյֆէլն է Փարիզը ոմանց կամ