Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/202

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մուլէն Ռուժը եւ կամ Շան զէլիզէն: Նոյնիսկ կոմունիստ
տրիբուն բանաստեղծը՝ Նայիրի Զարեանը չէ՞ գրողը.
                    — Ոտքիս ներբաններով
                    Երազած եմ Շան զԷլիզէն...
Ու քիչ մը ամէն մարդու համար, Փարիզը լոյսի
քաղաք եւ գեղեցիկ կիներու մայրարաքաղաք է, իսկ մեզի՝
հայերուս համար դեռ բան մը աւելի:

Գաղութահայ գիրի եւ մշակոյթի կեդրոններէն մէկն
է եղած Փարիզ, Եղեռնին յաջորդող երեք տասնամեակներու
ընթացքին։

Ուրեմն, գացեր էի Փարիզ: Ու քանի որ Փարիզ երթալ
ինծի համար կը նշանակէր հանդիպիլ հայ մշակոյթի
մշակներուն, ամէն օր, կը հանդիպէի անոնց: Ամենէն
առաջ կերթայի Բիւզանզ Թոփալեանին մօտ, որ «Արաքս»
գետը տարեր էր Փարիզի Ռիշէ փողոցը, այս անգամ որպէս
տպարան, ուր՝ յիսնամեակ մը ամբողջ տպեց թերթ,
գիրք, պարբերական գեղարուեստական մամուլ: Կը տեսնէի
«Զուարթնոց»ի խմբագիրը՝ Հրանդ Բալուեանը, որ
այն ատեն արդէն դադրեցուցեր էր իր պարբերականին
հրատարակումը եւ կը շարունակէր իր գրատունը բանեցնել
նոյն փողոցին վրայ: Կը փութայի Գառզուին մօտ,
դիտելու համար իր ջանադիր աշխատանքը: Այս արուեստագէտն
ալ Սայեաթ Նովայի հօրը նման, հալԷպցի էր:
Կը տեսնէի Ժանսեմը իր մեծղի պաստառներուն դիմաց,
Շարթը՝ իր զաւակները հայ պահելու ճիգին մէջ,
Ժերանեանը որ իր հայ ըլլալը կը պոռար ամէն տեղ,
Տատրեանը որ Մելգոնեանէն ընկերս էր, Թիւթիւնճեանը՝
որ երեսունական թուականներուն մեծ աղմուկ հանած էր
Փարիզի յառաջադէմ նկարիչներու շարքին: Պոլիսէն եկած
այս գեգանկարիչը մոռցած կը թուէր իր հայերէնը:

Պնդումիս վրայ՝ հայերէն կը խօսէինք։ Ոչ, չէր
մոռցած մայրենին, ֆրանսական կեղեւին տակէն իր Մեսրոպեան
իսկութիւնն էր որ կը փայլէր վերստին:

Կըլլայի Որբունիին մօտ, կը տեսնէի Նիկողոս Սարաֆեանը,
որ կապրէր դառնացած իր շրջապատէն, կը
հանդիպէի Սոփոկլեանին, կը տեսնէի Տիկ. Միսաքեանը: