Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/203

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

որ աննահանջ, անցած էր «Յառաջ»ին գլուխը, կը ժամադրուէի
Շաւարշ Նարդունիին հետ, կայցելէի Ահարոնին։
Կը տեսնէի Տարիա Կամսարականը, «Աշխարհ» շաբաթաթերթի
խմբագիր՝ Աւետիս Ալեքսանեանը։ Մերթ
Ա. Սեմայի քրոջ՝ Մարի Աթմաճեանի տունն էի, մերթ
Մելինէ Մանուշեանի: Կ՚երթայի երիտասարդ նկարիչ
Ասատուրին կամ ծերունազարդ մտաւորական՝ Արշամ
Խոնդկարեանին: Ու այսպէս կը շրջէի մէկէն միւսը։
Եւ Երեւան վերադարձիս, յօդուած մը պատրաստցի
«Գրական թերթ»ին համար: Նի՞ւթը — Հանդիպումներ
ֆրանսահայ գրոցներու հետ։

Աջ ու ձախ չէի ըսած: Գրած էի բոլորին մասին: Եւ
գրած էի նաեւ Շաւարշ Նարդունիի մասին:

Թոյլ տուէք փոքր փակագիծ մը բանալ։ Նարդունիին
բոլոր ընթերցողները կրնան հաստատել, որ անոր
հրապարակագրական յօդուածները թթու—կծու կըլլային,
տաքդեղով հարուստ ու յաճախ՝ հակախորհրդային։

Հանդիպէցայ իրեն քանի մը անգամ, եւ ի՜նչ գտնեմ,
անոյշ մարդոց ամենէն անոյշներէն մէկը։ Իրեն ալ
ըսի.

— Ընկե՛ր Նարդունի, քեզ չտեսած, կը կարծէի թէ
ահաւոր մէկու մը պիտի հանդիպիմ, գուցէ ըմբիշի մը,
որ մէկ շարժումով դիմացինը կրնայ գետին տապալել.
հիմա կը տեսնեմ, թէ անոյշ մարդ մըն ես ու նոյնիսկ
բարձր չես խօսիր, վախնալով որ կը վիրաւորուին հայոց
լեցուին սրբազան բառերը...

Խնդաց։ Ու այդ խնդուքը աւելի ժպիտ կը յիշեցնէր,
քան խնդուք։ Եւ ես ահա գրեցի այդ բոլորի մասին։

Եւ ի պատիւ «Գրական թերթ»ին պէտք է ըսել որ
յօդուածս տպուեցավ ամբողջութեամբ:

Տպագրուած յօդուածը թեւաւոր թռչուն է։ Ուրեմն,
թեւաւոր դարձած յօդուածս կը հասնի Գահիրէ, կը գտնէ
Բեգլար Նաւասարդեանը, որ խանդավառուած, անմիջապէս
«Յուսաբեր»ի մէջ հանդէս կու գայ խմբագրականով
մը եւ այդ խմբագրականին համար կընտրէ ուշագրաւ
վերնագիր մը.— ՀՈԳԵԿԱՆ ՋԵՐՄ։