Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/206

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Երիտասարդ, կերեւի բան մը ըսել կուզէք:

— Այո, եթէ կարելի է:

— Հրամմեցէք, խնդրեմ:

— Ընկեր Նաւասարդեան, ժամանակ մը առաջ,
դուք, «Յուսաբեր»ի մէջ, «Հոգեկան Ջերմ» վերնագիրով
յօդուած մը ստորագրեցիք: Այգ յօդուածը որո՞ւն մասին
էր:

— Հա՛, այդ յօդուածը, պարզ է, Թորոս Թորանեանի
մասին էր Թորոսը սիրտիս մօտ յօդուած մը գրած
էր «Գրական Թերթ»ին մէջ, ուզեցի արձագանգել իրեն:
Ու այգ յօդուածիս համար մեր կուսակցութեան խիստ նկատողութեան
արժանացայ։ Ես կը կարծկէի, թէ այդ տղան
Հայասաանցի է, մինչդեռ Սուրիացի է եղեր եւ ուսանող
մը այստեղ...

— Ուրեմն, Թորոսը չէ՞ք ճանչնար։

— Որտեղէ՞ն ճանչնամ: Քիչ մնաց իր երեսէն փորձանքի
պիտի հանդիպէի։ Բայց ամէն ինչ վերջացաւ։ Հիմա
հոս եմ։ Թորոսն ալ շատ ջերմ յօդուած՜ գրած էր:

— Ընկե՛ր Նաւասարդեան, այդ յօդուածագիրը այժմ
ձեզի հետ խօսողն է:

Այդ ըսելս ու Բեգլարին ինծի փաթթուիլր մէկ եդաւ:
Ողջագուրուեցանք: Անմիջապէս մեր մօտ կանչեց տիկինը,
որ քիչ անդին մէկու մը հետ կը խօսակցէր:

— Եկո՜ւր, եկո՜ւր, սիրելիս, տես թէ որո՛ւն հանդիպեցայ,
ահա՛ քեզի կը ներկայացնեմ մեր փորձանք
Թորոսը, միսով ու ոսկորով:

Կրկին ղրկեց զիս, ցնցեց բազուկներս, ու անցանք
զրոյցի: Այդ օրուան ջերմութեամբ ալ շարունակուեցաւ
մեր ծանօթութիւնը մինչեւ Բեգլարին եղերական անձնասպանութիւնը։

Նոյն երեկոյի ընթացքին Բեգլարէն ու իր կնոջը
պատմեցի, որ եթէ ինք կուսակցութեան կողմէ դիտողութեան
արժանացած է իմ մասիս յօդուած գրելուն համար,
ապա ինծի ալ «դիտողութւն» մը եկեր էր Պէյրութն: