Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/208

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Զինք ազատելէ ետք, դող մը պատեց մարմինս։
Ծօ, քու ինչո՜ւդ պէտք, կըսէի ես ինծի։ Հապա եթէ
չկարենայիր ազատել: Շատեր մեր կատաղի գուպարը անսան
վարէն: Հապա եթէ չկարենայի ազատել... ամէն
մարդ, պիտի ըսէր «մենք մեր աչքով տեսանք, այսինչը
հրեց եւ վար ձգեց»: Այս մտածումը կրկնուեցաւ, բազմապատկուեցաւ
մէջս: Այնքան բազմապատկուեցաւ, որ ամբողջ
ամիս մը հիւանդ պառկեցայ: Հապա եթէ չկարենայի
ազատել... Մինչեւ հիմա ալ կը դողամ, մէյ մը երեսիս
գոյնին նայեցէք...

Երկրորդ անգամ, մեր հայրենադարձ տղան հոն
չըլլար: Բեգլար, կատաղի վազքով մը հրելով իր կինն ու
տղան, կը հասնի պատշգամ եւ ինքզինք թափով կը յանձնէ
Լենինեան հրապարակի պարապութեան...

Երբ, արձակուրդի մը առիթով, Փարիզի մէջ այս
բոլորը պատմեց ի արձակագիր Կարօ Մեհեանին՝

— Մենք կը ճանչնանք Բեգլարը, — ըսաւ, ան ինծի,
— լաւ տղայ էր, բայց անհաւասարակշիռ: Արտասահման
եղած միջոցին ալ վարձեց անձնասպան ըլլալ: Կը հաւատանք
իր անձնասպանութեան: Մեր չներածը՝ իր արտայայտութիւնն
էր, Գահիրէի օդանաւակայանին մէջ:

Ծնաւ փոթորկոտ օր մը։ Ապրեցաւ փոթորկոտ կեանք
մը։ Ունեցաւ փոթորկոտ վերադարձ մը հայրենիք եւ իր
մահով ալ փոթորկեց շատերու հոգիները։

Հայրենի հողը թեթեւ գայ վրադ, Բեգլա՛ր, որդի
Վահան Նաւասարդեանի։