Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/21

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խը փակուեցաւ: Լալու կարգը իմս էր։ Լուռ մնալ չուզեցի
սակայն։ Բայց ո՞ւր էր հայ գեներալը...

Սոֆիայի ճիշդ սիրտին վրայ՝ բերդի նման վիթխարի
պետական հիմնարկ մը կայ։ Թող երկրի պաշտպանութեան
բոլոր հիմնարկները բերդի նման անսասան մնան:
Ահա դիմեցի այդ բերդի վարիչներուն եւ հայկական դպրոցներու
փակումին դէմ անհատական թողուք ներկայացուցի։
Գիտէի թէ ապարդիւն վարձ մըն էր ըրածս։ Գիծ
կը քաշէի հոսող ջուրին վրայ։ Բայց կուզէի որ գէթ մէկ
հայ, այս առիթովդ բողոքած ըլլար: Ես գիտեմ, ըսի
պաշտօնեաներուն, թէ այս գործը տնօրինողը դուք չէք:
Եղածին համար պատասխանատուն դուք չէք։ Բայց գոնէ
բողոք մը արձանագրուած թող ըլլայ ձեր տարեգրութիւններուն
մէջ՝ ընդդէմ հայկական վարժարաններու փակումին:

Մարդիկ լսեցին զիս։ Արձանագրեցին ըսածներս։
Դուրս ելայ այդ բերդէն, առանց կարենալ զինուելու իմ
ժողովուրդիս բեկորներուն գոյատեւումին ի խնդիր։

Հետագային, քաղաքի կեդրոնական դպրոցներէն
մէկը նկատի առնուեցաւ հայ աշակերտներու համար։
Դպրոցը պուլկարական էր։ Հոն յաճախող մեր տղաքը
պիտի օգտուէին մայրենի լեզուի դասերէն։

Հայկական վարժարանի 240 աշակերտներէն պուլկարական
այդ դպրոցը եկան արձանագրուիլ միայն եօթանասուն
հոգի... կը յիշեմ, ծանօթներէս մէկուն աղջիկը՝
էլեկտրան, հայ աղջիկ մը, որ պուլկարական դպրոցե
երթալէ ետք մերժեց հայերէնի դասընթացքներուն հետեւիլ՝
պատճառաբանելով թէ... խայերէնը դժուար էր։
Աղջիկէն խեղճ մայրը լալով կը խնդրէր որ էլեկտրան շարունակէ
իր հայերէնի դասերը, բայց աղջնակը եղաւ «յաղթողը»,
մենք՝ պարտուողը։

Պուլկար մայրաքաղաքին մէջ ժամերով պտըտեցայ
Քոշարին հետ, իրեն պատմելով թէ ինչպէս Պէյրութի
«Գրական Շրջանակ»ին մէջ վէճի նիւթ դարձուցած էինք
իր «Մեծ Տան Զաւակները» վէպը եւ ինչպէս դատապարտած
էինք այն հրամանատարը, որ ֆաշիստական տեղա–