— Ընկե՛ր Զաւարեան, ես չէի գիտեր թէ սուրբի մը
ազգականին հետ կը խօսիմ: Հիմա, կրնանք մտերմանալ:
Շոգեկառքի մէջ ենք, խօսիլ պէտք է։ Երեւան, համալսարանի
մէջ մտերմանալու առիթ չկայ։ Այս քանի մը ժամը
քնանալով անցնելը՝ մեղք է:
— Ճիշդ ես ասում։
— Եթէ ճիշդ եմ, կուզեմ ձեր գերդաստանին պատմութիւը
գիտնալ։ Ես ալ, կը սիրեմ քիչ մը գրել, ու այս
ճամբորդութիւնը յուսամ առատ նիւթ կու տայ ինծի:
— Պատմելու եմ երկու պայմանաւ.— Առաջինը, կը
դադարես գոռալուց, երկրորդը եթէ մի օր գրել որոշես,
ոչ մի բառ անգամ չես գրի որ աւելորդ եղած լինի: Ընդունւե՞ց
պայմանը:
— Մե՜ծ սիրով:
Մինչեւ շոգեկառքը Թիֆլիս հասաւ ընկեր Զաւարեանը
ինծի շատ բան պատմեց իրենց գերդաստանին մասին:
Այդ շատերէն մէկ բան շատ յստակ կը յիշեմ միշտ,
ա՛յն թէ Զաւարեան սուրբը ունեցած է մէկ զաւակ: Ու իր
այդ մէկ հատիկը, այսօր, կը բնակի Մոսկուա: Գիտնական
է: ԱթոմագԷտ: Ու տարին անգամ մը Երեւան կերթայ իր
ազգականները տեսնելու:
Զինք կը բերեն յատուկ օդանաւով: Չըլլայ, որ
որդի Զաւարեանին բան մը պատահի, կամ անհանգստանայ:
Մեծ գիտնական է։