Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/216

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Թիֆլիսը փնտռելու եւ չգտայ: Աւելի ետք անդրադարձայ
թէ անճիշդ է այդ մտածումս: Ինչո՛ւ հայկականութիւն
փնտռել Թիֆլիսի մէջ: Ի՛նչ իրաւունքով: Թէ՝ անցեալն
բարգաւաճ գաղութ մը ունեցեր ենք այստեղ — այո՛, բայց,
ատիկա իրաւունք կու տա՞յ, զայն փնտռելու նաեւ այսօր:
Ի՞նչ մնացեր է երէկի Պոլիսէն եւ Փարիզէն, ի՞նչ պիտի
մնայ այսօրուան Հալէպէն եւ նոյնիսկ վաղը Պէյրութէն...

Հայկականը Երեւանն է։ Եւ միմիայն Երեւանը,
Անշուշտ, տակաւին պիտի շարունակեն աշխատիլ Վենետիկն
ու Պէյրութը, նոյնպէս Լոս Անճելըսն ու Պուենոս
Այրէսը, եւ որքա՛ն աշխատին, այնքա՛ն շահ մեզի համար,
ու պիտի աշխատին որքան ժամանակ որ կրնան։

Մնայունը, յաւերժականը սակայն, հայրենի հողին
վրայ ծաղկող ե՛րգն է, գի՛րն է, քարն է։

Այդ օրերուն է այսինքն յամի Տեառն 1964-ին Թիֆլիսը,
տակաւին մէկ միլիոնանոց քաղաք չէր եղած եւ
ազգաբնակչութեան թիւը աւելի քան 270,000 անձ կը հաշւուէր։
Թիֆլիսի մէջ կը գործէին տասն եւ ութ երկրորդական
հայ վարժարաններ եւ մանկավարժական հաստատութիւն
մը։

Աշխոյժ Պահարէն մեզ տարաւ հայկական ռատիոժամի
կեդրոնը: Ընկեր Ասլանեանը, բացատրեց մեզի, թէ
այդ ռատիոժամին հետեւորդներուն թիւին մեծ ըլլալը կը
հասկցուի իրեն հասցէագրուած նամակներով, որոնք
հարիւրներու կը հասնին ամէն ամիս: Պատուէրներ կը ստացւին
մինչեւ հեռաւոր կեդրոնական Ասիայէն:

Իր օգնականը՝ Ալպերթը, մեզ տարաւ Թիֆլիսի
Վրացական Պանթէոնը: Այստեղ այցելեցինք վրացական
եկեղեցի մը, որուն գաւիթին մէջ թաղուած էին՝ վրաց
կողքին, նաեւ իշխաններ:

Շրջեցանք ընդարձակ Պանթեոնին մէջ: Թիֆլիսը
իր մէջքին կապած կուր գետը, ձմրան մէջ անգամ գարնաննային
տեսք էր հագեր։ Վերացական Պանթէոնին մէջ
հանգչէր Գրիպոետովը, որուն մէկ թատրերգութիւնը
«Խելքից Պատուհաս»ը, առաջին անգամ ներկայացուած է
Երեւանի մէջ՝ 1828 թուականին: