Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/217

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հոն էր վրաց մեծ բանաստեղծը, որուն տապանաքարին
վրայ ո՛չ թուական կար եւ ո՛չ ուրիշ բացատրութիւն,
այլ լոկ՝ ԾԵՐԵԹԵԼԼԻ։ Այդքանը բաւ է, որպէսզի
ամէն վրացի գիտնայ թէ այդ քարին տակ անմահութիւն
մը կը ննջէ:

Այդտեղ էր նաեւ Ստալինի մօր գերեզմանը։

Ալպերթը տակաւին Գրիպոետովին հետ էր.

— Գիտէք, տղաք, Գրիպոետովը, Իրանի մէջ,
սպաննուեցաւ հայերը պաշտպանած ըլլալուն համար: Իր
դին կառքով բերին: Պուշկինեան կիրճ կոչուող վայրին
մէջ, Պուշկին հանդիպեցաւ այդ երթին: Երկու մեծ բանասաեղծների
ինչպիսի՜ հանդիպում, ընկերներ...

Մտածումիս մէջ՝ հայոց համար սպաննուած ռուս
Գրիպոետովը միացաւ, յոյներու համար զէն ի ձեռին ինկած
անգլիացի Պայբընին:

Իջանջ քաղաք։ Պահարէն մեզ կառաջնորդէ Ռուսթավելիի
անուան պողոտայէն: Այստեղ է վրացական
թատրոնը: Հայերը կառուցած են այս թատրոն—օփերան:
Իր ներքին ոճական զարդարանքներով, Փարիզի օփերան
կը յիշեցնէ: Պահարէն գլուխը շարժելով.

— Այս թատրօնը մերն էր: Հայու փողով է կառուցւած:
Վերցրեցին։ Գնացինք, տղերք, անցեալով չտխրենք:
Մենք դարձեալ ունենք թատրոն: Հայը առանց թատրոնի
չի կարող ապրել: Այդպէս է եղել հազարամեակներով:

Գացինք տեսնելու Ստեփան Շահումեանի անուան
Թիֆլիսի հայկական թատրոնը, որ հակառակ իր արդիական
յարմարութիւներուն, առաջինին հետ բաղդատութեան
որեւէ եզր չունէր:

Այնքան սիրուած էր Պահարէն, որ Թիֆլիսի փողոցներէն
իրեն ընկերանալը կատարեալ փորձանք էր։
Ամէն քայլափոխի զինք բարեւողներ անպակաս էին:

Կեանք մը մաշեցուցած էր Պահարէն, շուրջ կէս դար
բեմերէ ելոյթ ունեցած էր եւ փոխարէնը կը վայելէր
համաժողովրդային սէր ու յարգանք:

Շահումեան թատրոնը տեսնելէ ետք, տխրութեան
շղարշ մը պատեց մեր դէմքերը, որովհետեւ միշտ լաւը
լաւագոյնին հետ բաղդատելու սովորութիւնը ունէինք.