ցող ռումբերու, տարափին տակ դիրքերէն դուրս ելլելով
յարձակում է կոչ ուղղած էր իր զօրաբանակին։ Այդ արարքը,
յուսահատ մարդու գործ նկատած էինք: Բանակ մը
առանց առաջնորդի չէր կրնար յաղթանակներ արձանագրել,
եւ թշնամիին վայրագ յարձակումին պահը չէր այն
առիթը, որ հրամանատարը դուրս գար խրամներէն անօգուտ
զոհուելու համար...
Քոչար ուրախ էր, որ իր վէպը ենթարկուած էր
նման քննարկումի:
Ապա՝ ինք սկսաւ պատմել Պէյրութէն: Իր տպաւորութիւները
խանդավառ էին։ Պատմեց այն հանդիպումները,
զորս ունենած էր Փալանճեան ճեմարանէն ներս,
Հ. Մ. Մ. ի եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Շարժման տղոց,
«Զարթօնք«ի շրջանակին, «Նայիրի» շաբաթաթերթի
խմբագրութեան ու «Գրական Շրջանակ»ի երիտասարդներուն
հետ:
Ես առիթը յարմար սեպեցի երկու հարցում ուղղելու
Հրաչեայ Քոչարին, պատասխանները մամուլին հասցընելու
մտադրութեամբ:
1.— Ղարաբաղը ե՞րբ կը միացուի Հայաստանին։
2.— Ի՞նչ է Հայաստանի կարծիքը Զօրավար Անդրանիկի
մասին:
— Երիտասա՛րդ, - յարեց Քոչար, - այս արեւի
տակ, այնքան ժամանակ որ Երեւանը ճանաչուելու է հայոց
մայրաքաղաք, նոյնքան ժամանակ Ղարաբաղը մնալու է
հայկական հող: Բաւարարուա՞ծ Էք:
— Ո՛չ,— պատասխանեցի, - բաւարարուած չե՛մ,
բայց սիրերի ձեր դիւանագիտական պատասխանը: ԱմԷն
պարագայի, հաւաստիացում մը կայ ձեր խօսքին մէջ, որ
կը շոյէ հայ մարդուն սիրտը։
Ժպտեցաւ եւ անցաւ երկրորդ հարցումիս պատասխանին.
— Կարելի չէ՞, Հայաստանի կարծիքի փոխարէն,
տալ իմ անձնական կարծիքը Զօրավար Անդրանիկի մասին։