Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/220

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հայերէն,- ըսաւ. ու մանչուկս իր մօտ կանչեց, գրպանները
շաքարով, շոքոլայով լեցնելու համար:

— Մենք սիրում ենք հայերին: Երբ գնաք Սիրիա,
այնտեղի հայերին կասէք, որ էստեղ, մենք եղբօր պէս
ենք ապրում: Դուք էլ եկէք եւ ապրէք էստեղ։

Այդ անծանօթ վրացիին վերաբերմունքր եզակի չէր
իր տեսակին մէջ: Օր մը սափրչատուն մը մտանք եւ վրացի
սափրիչը երբ հասկցաւ, թէ արտասահմանէն այցի եկած
հայեր ենք, դրամ չառաւ Արայիկին մազերը կտրելուն համար։
Ուրիշ օր մը, լուսանկարչատուն մը մտանք, երբ
նկարուեցաւ Արայիկը, անկարելի եղաւ համոզել վրացի
լուսանկարիչը, որ ստանայ իր վարձքը... Ալ կը քաշուէինք
ուրիշ խանութ մը մտնելէ, վախնալով որ գարձեալ դրամ
չառնեն մեզմէ։

Վրացիներուն երախայի հանդէպ ունեցած սէրը անմոռանալի
է։

Եւ ահա հասաւ Պահարէն: Կրակ էր այս մարդը:
Եօթանասուն տարուան կրակ։ ժամադրութիւնը տեղւոյն
վրայ իսկ կարգադրած էր: Նոյն օրը երեկոյեան ժամը
եօթնին գտնուելու էինք վրաց մեծ արձակագիրին տունը:

Պահարէին հետ եկած էր Սուրէն Աւչեանը, որ անձնապէս
կը սկսի տեղեկութիւններ տալ մեզի Կոստանդինէ
Կամսախուրդիայի մասին։

Կը հասկնանք որ Կամսախուրդիան ժամադրութիւներու
նկատմամբ շատ խիստ է։ Երբ ժամադրուած է եօթնին,
այդ ըսել է եօթնին, ոչ հինգ վայրկեան կանուխ եւ
ոչ ալ հինգ վայրկեան ուշ։ Կը սիրէ դաշտային աշխատանքը:
Չափաւոր կը խմէ։ Կախորժի երբ զինք «Վարպետ»
կանուանեն, Իսահակեանի օրինակովը։ Կը պաշտէ Վրաստանն
ու վրաց լեզուն։ Կը սիրէ քայերը: Յատկապէս Իսահակեանն
ու Դեմիրճեանը։

Երեկոյեան բոլորս հոն էինք հրամանի սպասող զինւորներու
պէս։ Եօթնին հինգ վայրկեան կայ։ Պահարէն
հինգ վայրկեաննոց դէպք մը կը պատմէ, որ դրան զանգը
նոր հնչեցնենք: Պատմածը, Իսահակեանի կակազանքներէն
զուարճալի պատահար մըն է, որուն գրաւոր արձանագրութիւնը
դժուար է: