Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/221

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Դուռը կը բանայ ինք՝ Կոստանդինէ Կամսախուրդիան։

— Հայ մարդը տունս ժամադրութեամբ գա՞յ, չե՜մ
ընգունի։ Այս տունը միայն վրացական չէ: Այս տունը
նաեւ հայկական է։ Մարդ իրա տունը ժամադրութեամբ
չի գայ։

Աստուա՜ծ իմ, կըսեմ մտովի։ Բոլո՞ր վրացիները
այսպէս են։ Ցերեկը սրճարանէն մէջ, նախորդ օրը սափրչատան
եւ լուսանկարչատան մէջ, երեկոյեան՝ այստեղ։
Այս քանի՜ խաւի մարդ նոյն ձեւով կը մօտենան մեզի:

Կը մտնենք ներս: Դրան առջեւ հսկայ կոճղ մը կայ:
Ծառի կոճղ մը, որուն վրայ կը սիրէ նստիլ գրողը: Բացատրողը
Աւչեանն է:

Կամսախուրդէային երիտասարդ տղան ալ ներկայ
է իր կնոջ հետ: Կը նայիմ ընդունարանի պատերուն, ուրկէ
աչքերս կը շոյեն նկարները Աւետիք Իսահակեանի, Դերենիկ
Դեմիրճեանի եւ Էդուարդ Թոփճեանի։ Քիչ անդին,
պատէն մեզի կը ժպտի «Թեհրան»ի հեղինակը Գարեգին
Սեւունց։ Ուրեմն, իրաւ այս մարդը կը սիրէ մեր գրողները։

Կամսախուրդիան, այո, քիչ մը կը խօսէ հայերէն:
Սահուն կը խօսէ եւրոպական լեզուներ: Ու յանկարծ, հարց
կու տայ.

— Այս երեկոյ, իրար հասկնալու համար, ո՞ր լեզուով
բացատրուենք։

Աւչեանը աչքերը կը սեւեռէ վրաս։ Ես կը պատասխանեմ.

— Վարպետ, կաղերը անթացուպով կը քալեն:
Փա՜ռք Աստուծոյ, մեր մէջ կաղեր չկան: Երբ կայ սքանչելի
վրացերէն լեցուն, երբ կայ սքանչելի հայերէնը, ինչու
օտար լեզուներ կանչենք օգնութեան: Ընկեր Աւչեանը այստեղ
է: Կը թարգմանէ: Թող խոխոջեն կամ չառաչեն մեր
հին բայց չհինցող, իսկական եղբայրական պայծառ լեզուները՝
վրացերէնն ու հայերէնը։

Կոստանդինէ Կամսախուրդիան լայնօրէն կը բանայ
իր թեւերը, կը գրկէ զիս ու կը համբուրէ։

Ամբողջ երեկոն տօնական է։ Գրողը բերել կու տայ