Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/227

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Աննման Պահարէն, Երեւանի մէջ սեպհական տուն
ունեցաւ: Ստացաւ Հայ Գրողներու Միութենէն: Հայպետհրատը
խոստացաւ տպել կոմիկ դերասանի թատերական
յուշերը եւ բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:

Ուրախ էր Պահարէն: Երջանիկ նոյնիսկ, Երեւանի
մէջ եղբայր ունէր եւ եղբօր զաւակներ: Իր կեանքին
մնացորդացը նուիրած էր անոնց:

Հազիւ քանի մը տարի տեւեց այդ երջանկութիւնը:
Օր մը, երբ ես բժշկական ինստիտուտի հինգերորդ
տարւան ուսանող էի եւ դաս լսելու համար կը գտնուէի
Երեւանի 3-րդ մասի 6–րդ հիւանդանոցին մէջ, ինծի
ներկայացուցին հիւանդ մը, զոր ես պէտք է քննէի:

Հարցուցի հիւանդին անունը.

— Պե, Պե, Պետրո... սեան,— եղաւ պատասխանը:

Լաւ նայեցայ փոսը ինկած աչքերուն, կմախքացած
մարմինին եւ՝

— Դուք, կարծեմ ուրիշ անուն մըն ալ ունէիք...

— Ա ա, ա, ա, այո, Պա, Պա, Պահա... րէ...

— Վայ Պահարէն, այդ դո՞ւ ես, չե՜մ հաւատում...

— Վայ Թորոս ջան, վայ բժիշկ ջան, փրկիր ինձ,
մեռնում եմ, մեռնո՜ւժ եմ...

Մեր բոլոր ջանքերը մնացին ապարդիւն։

Ան որ կէս դար ամբողջ Թիֆլիսի բեմերէն ուրախութիւնն
էր եղած հայ հանդիսատեսին, մահացաւ երկու
օր ետք:

Լոյս իջնէ գերեզմանիդ, ազնի՛ւ Պահարէ: