Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/228

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՄԵԼՔՈՆ ՔՐԻՇՁԵԱՆ


Կիպրոս, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան
մէջ Ընդհանուր Ազգաց Պատմութեան մեր դասախօսն էր:
Ուսումը կառնէ նախ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան,
ապա Գերմանիա, ուր եւ կը ստանայ իր դոկտորական տիտղոսը
պատմութեան գիծով։ Հակառակ անոր որ ամբողջ
կեանք մը անցուցեր էր արտասահմանի մէջ, իբրեւ
դաստիարակ՝ հայկական վարժարաններու մէջ, լաւ չէր
ընտելացած արեւմտահայերէնին եւ աւելի կը գործածեր
Արարատեան ճիւղը մեր լեզուին:

Երբ կը խօսէր Հայաստանի մասին, կը զգայիք թէ
կը մխար: Մեր հողին անսահման կարօտը ունէր։ Ու կը
տագնապէր որ այդ հողը չտեսած՝ պիտի մեկնէր այս
աշխարհէն:

Դասախօսութիւններէ ետք, երբ կը շրջապատէինք
զինք, շատ ընթացք չէր տար խօսելու մեր փափաքին: Այդ