Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/229

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

օրերուն, տարին 1944-45, Նիկոսիան, կղզիին մայրաքաղաքը,
բաւական հեռու էր դպրոցէն, ել մեր ուսուցիչը
կաճապարէր նետուիլ իր հեծանիւին վրայ մեր պատմութեան
դասին քառուղիները երկարելու համար։

Իր յոռետեսութիւնը միայն իր անձին մասին էր.
եւ ատիկա կը բխէր իր յառաջացած տարիքէն։

— Երկու կարեւոր գործ ունիք կատարելու,—
կըսէր մեզի,— գիտութիւն ամբարել եւ ճանչնալ մեր ներկայ
հայրենիքը։ Դուք տեսնելու էք հայրենիքը։ Իմս, անցա՜ւ...։

Կը մշուշուէին աչքերը։

Դոկտոր Քրիչչեան, բացի պատմութեան դասէն.
մեզի կը սորվեցնէր նաեւ շարականներ: ԳԷորգեան ճեմարանին
մէջ եղած էր Կոմիտսի աշակերտ ու մասնակցած
մեծ երաժշտագէտին երգչախումբերուն: Ի՜նչ բեկրանք էր
մեզի, ըլլալ Մեծն Կոմիտասի աշակերտին աշակերտները։

Երբ 1946–ին հայրենադարձութիւնը իրականութիւն
դարձաւ, մեր ուսուցիչը երիտասարդացաւ:

Այդ օրերուն ալ, խումբ մը տղաք, խանդավառուած
հայրենադարձով, թողուցինք դպրոցը ու վերադարձանք
Սուրիա, մեր ծնողներուն հետ ներգաղթիլու յոյսով։ Դէպքերը
այնպէս դասաւորուեցան որ չյաջողեցանք մեկնիլ
հայրենիք։ Մեր ուսուցիչն տարիքի բերումով, արձակուած
Էր իր պաշտօնին: Այդ օրէն սկսեալ, պատմութեան
դոկտորի վկայականով զինեալ Մելքոն Քրիչչեան, իր
գերմանուհի կնոջ Ամանտա մայրիկին հետ, մատնուեցաւ
անել վիճակի եւ իր աւուր հացը վաստկելու համար, ծերունազարդ,
վաստակաշատ ուսուցիչը ստիպուեցաւ նոյնիսկ
Նիկոսիոյ ճամբաներուն վրայ քար կոտրել։ Ահա՛ ձեզի
պատկեր մը Սփիւռքէն։

Աւելի ուշ, ութսունի դռներուն, հայ ուսուցիչը կը
սկսի աթոռակներ պատրաստել ու վաճառէլ։ Այդ գործը,
երիտասարդ տարիքին սորված էր Գերմանիոյ մէջ, կարենալ
ուսումը շարունակելու համար...

Կանցնի Լիբանան։ Զահլէի եւ Անթիլիասի մէջ կուտայ
մասնակի դասեր հայկական նախակրթարաններէ
ներս։ Այստեղ կը վայելէր համակրանքը իր նախկին Մեր–